Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Ստացուող Տեղեկութիւններու Համաձայն, Ուաշինկթընն Ու Պրիւքսելը Երեւանը Կը Համոզեն ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու»

Հոկտեմբեր 2, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպիսի՛ մոլեռանդութեամբ ամերիկացիները մշակման կ՛ենթարկեն Երեւանը: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Հանրապետութիւն այցելած են «Եու. Էս. Էյտ»-ի ղեկավար Սամանթա Փաուըրը, որ յայտնի է իր ռուսատեացութեամբ, եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի պաշտօնակատար Եուրի Քիմը, որ վերջերս բացայայտ յայտարարած էր, որ իրենք կը զբաղին դէպի Արեւմուտք Հայաստանի վերակողմնորոշումով: Այստեղ եղած է Քոնկրեսի պատուիրակութիւնը: Ասիկա` միայն վերջին օրերուն, եւ միայն այն, ինչ որ ոչ ոք կը ժխտէ, որովհետեւ ատիկա մակերեսին է:

«Ստացուող տեղեկութեան համաձայն, Ուաշինկթըն եւ Պրիւքսելը կը համոզեն Երեւանը դուրս գալու ՀԱՊԿ-էն, խորացնելու համագործակցութիւնը ՕԹԱՆ-ի հետ, վերակողմնորոշուելու զինուորական արեստագիտական համագործակցութեան ուղղութեամբ եւ ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիր Ազրպէյճանի հետ` առանց հաշուի առնելու Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը:

«Այս նպատակներուն հասնելու վազքին մէջ արեւմտականները մոռցած են մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ սեփական արժէքներու մասին: Այս ամէնը հերթական կեղծ ժողովրդավարութիւն է, աչք կը փակեն Հայաստանի մէջ ցուցարարները ճնշելու, ծեծի եւ ձերբակալութիւններու վրայ: Մենք միշտ ըսած ենք, որ պետութեան ներքին գործերը պէտք է լուծէ ինքը` այդ պետութիւնը: Սակայն եթէ Միացեալ Նահանգները տեսած են Իրանի մէկ ցուցարարը, պէտք է տեսնէին, թէ Երեւանի մէջ ինչ կը կատարուի: Անոնք չեն ուզեր տեսնել, թէ ի՛նչ կը կատարուի ընդդիմութեան հետ, որուն կը սպառնան, եթէ շարունակեն հանրահաւաքները: Ասիկա արդէն երկակի չափորոշիչներու կիրարկում է, ասիկա չափորոշիչներու բացակայութիւն է», նշած է ան:

 

Նախորդը

Հաճիեւ. «Ազրպէյճան Ուժ Պիտի Չկիրարկէ Հայաստանի Տարածքով Ցամաքային Միջանցք Ստեղծելու Համար»

Յաջորդը

Ժոլի. «Քանատան Ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելը Չի Բացառեր»

RelatedPosts

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?