Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաուըր. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Պէտք Է Միջազգային Ներկայութիւն Ըլլայ»

Սեպտեմբեր 27, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պէտք է միջազգային ներկայութիւն ըլլայ` գնահատելու, թէ արդեօք Ազրպէյճանը իր յանձնառութիւնները կը կատարէ՞: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան` «Եու. Էս. Էյտ»-ի տնօրէն Սամանթա Փաուըր:

«Մենք Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք, որ պահպանէ զինադադարը եւ շօշափելի քայլերու ձեռնարկէ` պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ քաղաքային անձերու իրաւունքները: Նախագահ Ալիեւ խոստացած է երաշխաւորել հայերու իրաւունքները, Ազրպէյճանը պէտք է կատարէ այդ խոստումը», ըսաւ Փաուըր:

«Եու. Էս. Էյտ»-ի տնօրէնը շատ կարեւոր նկատեց, որ աշխարհը կարենայ ստուգել, համոզուիլ, որ Ազրպէյճանը իր խոստումը կը կատարէ: «Բոլոր կողմերը պէտք է արտօնեն, որ միջազգային մարդասիրական գնահատում եւ մարդասիրական ներկայութիւն ըլլայ, որ տեսնեն, թէ արդեօք Ազրպէյճանը իր յանձնառութիւնները կը կատարէ՞, եւ այդ կառոյցները կարենան միջազգային ընտանիքին հաշուետուութիւն ներկայացնել», ըսաւ Փաուըր:

Ան շեշտեց, թէ Ազրպէյճանը պէտք է լիարժէք եւ մշտապէս բանայ Բերձորի միջանցքը ուղեւորափոխադրումներու, առեւտրական փոխադրումներու եւ մարդասիրական փոխադրումներու համար: Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները պաշտպանելու վերաբերեալ խոստումները սին պիտի ըլլան, այնքան ատեն որ քաղաքային անձեր չեն կրնար ազատ երթալ ու գալ, երբ դեղորայքի եւ սնունդի պաշարները չեն կրնար հասնիլ բնակավայրեր: «Եւ այնպիսի կազմակերպութիւններ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնն է, պէտք է մուտք ունենան, որ առաջին անհրաժեշտութեան մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերեն», շեշտեց Փաուըր:

Ան յայտնեց, որ հակառակ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ անոր տեղակալ Եուրի Քիմի յայտարարութիւններուն, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինեալ ուժի կիրարկումը անընդունելի է, այդ ուժը կիրարկուած է, եւ Միացեալ Նահանգներ կը սերտեն, թէ ի՛նչը կրնայ ատոր պատշաճ արձագանգ ըլլալ: Ան այս մասին ըսաւ անդրադառնալով այն նշումին, թէ Քիմ յայտարարած է, որ Արցախի մէջ ուժի կիրարկումը անընդունելի է, սակայն Ազրպէյճանը լայնածաւալ զինուորական յարձակումի դիմած է:

«Նոյն բանը ըսուած է արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի կողմէ: Սակայն այդ ուժը կիրարկուած է, եւ մենք կը սերտենք, թէ ատոր պատշաճ արձագանգը ի՛նչ կրնայ ըլլալ: Ինչպէս արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Եուրի Քիմը նշեց` մենք վերատեսութեան կ՛ենթարկենք մեր անվտանգային աջակցութիւնը, սակայն ես այս պահուս Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան եւ արձագանգի վերաբերեալ որեւէ եզրայանգում չեմ ուզեր ներկայացնել», ըսաւ Փաուըր:

Ամերիկացի պաշտօնատարը յստակացուց, որ կը սերտեն վերջին իրադարձութիւններու արձագանգի ընդհանուր շրջանակ: «Եւ կարեւորագոյնը` մենք կ՛ուզենք, որ զինադադարը պահպանուի, որ մարդիկ կարենան դուրս գալ Լեռնային Ղարաբաղէն, եթէ ատիկա իրենց ընտրութիւնն է, եւ իրենց իրաւունքները, արժանապատուութիւնը ապահովուած ըլլան», ըսաւ Փաուըր:

Ան չնշեց, թէ Միացեալ Նահանգներ ի՛նչ գործիքներ կրնայ կիրարկել այս հանգամանքներու ծիրին մէջ` վստահեցնելով, որ իրենց տրամադրութեան տակ ունին բաւական գործիքներ: «Ուաշինկթընի մէջ շատ բարձր մակարդակի վրայ քննարկումներ կ՛ընթանան, թէ որո՛նք պիտի ըլլան համարժէք գործողութիւններ», նշեց ան:

«Եու. Էս. Էյտ»-ի տնօրէնը նաեւ յայտնեց. «Մենք դարձեալ շատ յստակ կը նշենք, ինչպէս ատիկա կատարուած է նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ, մենք կ՛աջակցինք Հայաստանի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովրդավարութեան: Ես չեմ կրնար նշել, թէ ինչպիսի՛ն կրնան ըլլալ ատոր առնչուած խախտումներու հետեւանքները: Սակայն մենք միասին կ՛ուզենք շեշտել, որ անոնք անխախտելի սկզբունքներ են», ըսաւ Փաուըր:

 

 

Նախորդը

Քրեմլին Մեկնաբանած Է Ուաշինկթընի` Ղարաբաղի Մէջ Միջազգային Դիտորդական Առաքելութիւն Ստեղծելու Գաղափարը

Յաջորդը

Միլլըր. «Ազրպէյճան Պատասխանատու Է Խաղաղ Բնակիչները Պաշտպանելու Եւ Բոլորին Նկատմամբ Մարդկային Վերաբերմունք Ապահովելու, Ներառեալ Անոնց, Որոնց Զինեալ Ըլլալէն Կը Կասկածի»

RelatedPosts

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ.  «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր,  Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»
Հայկական

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ. «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր, Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?