Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Սկսած Են Հետապնդել Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Ցեղասպան Քաղաքականութեան Մասին Բարձրաձայնած Մտաւորականները

September 26, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

123 թուրք մտաւորականներու կողմէ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը դատապարտող յայտարարութենէն ետք թուրք ազգայնականներու կողմէ սկսած են կոչեր հնչել` այդ գործիչները զրկելու Թուրքիոյ քաղաքացիութենէն:

Մասնաւորաբար այդ ուղղութեամբ յայտարարութիւն կատարած է Եւրասիական թրքական ընկերութիւններու դաշնակցութեան նախագահ Իսմայիլ Ճենկիզ, որ նշած է. «123 հայասէր մանկուրտները պէտք է անյապաղ զրկել քաղաքացիութենէ»:

«Արմէնփրես», վկայակոչելով «Էօնճէ Վաթան» լրատուամիջոցը, հաղորդած է, որ Ճենկիզ նաեւ նշած է, որ քաղաքացիութենէն զրկելէ ետք անոնց ցանկութեան պարագային պէտք է զանոնք ուղարկել Հայաստան:

Նախքան այդ հրապարակուած էր թուրք մտաւորականներու յայտարարութիւնը, ուր անոնք ահազանգած էին Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործուող ցեղասպան քաղաքականութեան մասին ու միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած դիտողի դերին մէջ ըլլալու փոխարէն գործի անցնելու եւ կանխարգիլելու մարդկային նոր ողբերգութիւնը:

«Ազրպէյճանը այս յարձակումը կատարեց Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ակնյայտ աջակցութեամբ, իսկ ամբողջ աշխարհը լուռ կը հետեւէր տեղի ունեցողին:

«Կայ ակնյայտ ցեղային զտման ու ցեղասպանութեան վտանգ», նշած էին թուրք մտաւորականները` ընդգծելով, որ Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ, արժանթինցի փաստաբան Լուիս Մորենօ Օքամփոյի նախազգուշացումները մէկ առ մէկ իրականութիւն կը դառնան:

Նամակը ստորագրած 123 թուրք մտաւորականներու շարքին են թուրք պատմաբաններ Թաներ Աքչամը, Պասքըն Օրանը, Սայիթ Չեթինօղլուն, քաղաքագէտ Ճենկիզ Աքթարը, լրագրող Արիս Նալճըն, իրաւապաշտպան Էրեն Քեսքինը եւ ուրիշներ:

 

Նախորդը

Եւրոպացի Քաղաքական Գործիչները Կը Շարունակեն Ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներու Եւ Կազէն Հրաժարելու Կոչերը

Յաջորդը

Մաքրոն. «Ֆրանսան Շատ Ուշադիր Է Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Պահպանման Հարցին Մէջ, Որովհետեւ Անիկա Վտանգուած Է»

RelatedPosts

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի  Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Ներկայացուցիչներուն Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

January 16, 2026
Ֆիտան Պայրամովի Հետ Շուրջ 2 Ժամ Քննարկած Է  Միրզոյեանի Եւ Ռուպիոյի Ստորագրած Թրիփփ  Շրջանակային Փաստաթուղթը
Հայկական

Ֆիտան Պայրամովի Հետ Շուրջ 2 Ժամ Քննարկած Է Միրզոյեանի Եւ Ռուպիոյի Ստորագրած Թրիփփ Շրջանակային Փաստաթուղթը

January 16, 2026
Հաճիզատէ. «Ուաշինկթընի Մէջ Ստորագրուած  Համաձայնագիրը Կարեւոր Քայլ Է»
Հայկական

Հաճիզատէ. «Ուաշինկթընի Մէջ Ստորագրուած Համաձայնագիրը Կարեւոր Քայլ Է»

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.