Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համաշխարհային Ղեկավարներուն Պիտի Չարտօնենք Արցախի Մէջ Իրենց Մեղսակցութիւնը Մոռնալ» Կ՛ըսէ Գրէ Լեմքինի Հիմնարկը

September 26, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեմքինի ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը երբեք պիտի չարտօնէ, որ այսօրուան համաշխարհային ղեկավարները մոռնան Արցախի մէջ 4000-ամեայ ժողովուրդի եւ քաղաքակրթութեան ոչնչացման իրենց մեղսակցութիւնը:

«Ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ Եւրոպական Միութիւնը, ո՛չ ՕԹԱՆ-ը, ո՛չ ալ ՄԱԿ-ը «ցեղասպանութեան կանխարգիլում ունին` հակառակ բոլոր դասընթացքներուն, խորհրդաժողովներուն, գիրքերուն եւ արտասանուած խօսքերուն: Մենք յոյս ունէինք այս մէկ օրինակին մէջ, ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու այս կատարեալ փոթորիկին մէջ: Լուրջ ուժ ունեցող խիզախ ձայնը ճիշդ պիտի գործէ:

«Սակայն այսօր աշխարհի վրայ իրական ղեկավարներ չկան: Անոնք մտավախութիւն չունին, որ օր մը այս սարսափի թիրախը պիտի դառնան, ուստի իրենց այնքան ալ չի հետաքրքրեր: Անոնք կը քնանան ինքնագոհ յարմարաւէտութեան մէջ: Իրականութեան մէջ աշխարհի հասարակ մարդոց խնդիրն է միաւորուիլ եւ վերջ տալ իշխանութեան ու ներուժներու այս անսահման ծարաւին, որ իր ճամբուն վրայ կ՛ոչնչացնէ ամէն ինչ:

«Ոչ մէկ ժողովուրդ շահած է ցեղասպանութենէն. այս լուսանկարին մէջ պատկերուած ծերունիի վիշտը աշխարհի վրայ ոչ մէկ սովորական մարդու ձեռնտու է… Անոնք ի՞նչ շահած են` ազատութի՞ւն, արժանապատուութի՞ւն, իրաւունքնե՞ր, թափանցիկութի՞ւն, լաւ ղեկավարութի՞ւն, բարոյականութի՞ւն: Բոլոր վերոնշեալնե՞րը: Ոչ, անոնք որեւէ շահ չեն ստանար:

«Սակայն աշխարհի մայրաքաղաքներուն մէջ, կառավարութիւններուն մէջ շատ մարդիկ կան, որոնք արդէն օգուտներ կը քաղեն: Ներուժներ, մուտք, ուժ: Որո՞ւ կը հետաքրքրէ, որ 4000-ամեայ քաղաքակրթութիւնը ընդմիշտ անհետանայ:

«Մենք բոլորս պէտք է համախմբուինք` փոխելու այս հաւասարումը, եւ մենք պէտք է ատիկա ընենք արագ», կ՛ըսուի հիմնարկի «Էքս»-ի էջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Զաթուլին. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ռուսական Ռազմակայանին Վրայ Յարձակումներն Ու Ռուս Զինուորներու Կորուստը Պատահականութիւն Չեն»

Յաջորդը

Եւրոպացի Քաղաքական Գործիչները Կը Շարունակեն Ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներու Եւ Կազէն Հրաժարելու Կոչերը

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.