Մենք կը սպասենք, որ Հայաստանը կատարէ իր խոստումները, նախ եւ առաջ` «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման մասով: Այս մասին 19 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
«Ղարաբաղը Ազրպէյճանի տարածք է: Ատիկա հիմա կ՛ընդունին բոլորը: Եւ անոր համար մենք այլ կարգավիճակի պարտադրումը չենք ընդունիր: Մենք կ՛աջակցինք այն քայլերուն, որոնք Ազրպէյճանը կը ձեռնարկէ, եւ միասին կ՛երթանք «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսի տակ` պաշտպանելով մեր տարածքային ամբողջականութիւնը», ըսած է Էրտողան` աւելցնելով. «Հայաստանը չկրցաւ Ղարաբաղի մէջ օգտագործել պատմական կարելիութիւնը»: