Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ կէսօրին յայտարարեց, որ Ղարաբաղի մէջ «հակաահաբեկչական գործողութիւններ»-ու կը սկսի` նպատակ ունենալով ի միջի այլոց նաեւ «վերականգնել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը»:
«Ղարաբաղի տնտեսական շրջանին մէջ լայնածաւալ սադրանքները ճնշելու, հայկական զինուած ուժերու զինաթափումն ու մեր տարածքներէն դուրս բերումը, ռազմական ենթակառուցուածքները չէզոքացնելու, բռնագրաւումէն ազատագրուած տարածքներ վերադարձող քաղաքային բնակչութեան, շինարարական վերականգնողական աշխատանքներու մէջ ներգրաւուած քաղաքային ծառայողներու եւ մեր զինուորականներու անվտանգութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը վերականգնելու նպատակով, շրջանին մէջ սկսած են տեղական բնոյթի հակաահաբեկչական միջոցառումներ», նշուած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Պաքուն յայտարարեց, թէ «շրջանին մէջ խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է հայկական զինուած ուժերու ամբողջական դուրս բերում Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանէն»:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ ազրպէյճանական կողմը իր գործողութիւններուն մասին տեղեկացուցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը եւ թուրք-ռուսական դիտորդական կեդրոնի ղեկավարութիւնը:
Ազրպէյճանը երէկ առաւօտեան հաղորդեց, թէ Ահմետպէյլի-Ֆիզուլի-Շուշի ճանապարհի հատուածին մէջ Արցախի պաշտպանական բանակին կողմէ տեղադրուած հակահրետանային ականի պայթիւնի հետեւանքով մահացած են ինքնաշարժի մէջ գտնուող 2 քաղաքային անձեր, որոնք այդ տարածքին մէջ ելեկտրականութեան սարքաւորման աշխատանքներ կը կատարէին: Քանի մը ժամ ետք Պաքուն հաղորդեց այլ պայթիւնի մը մասին, այս անգամ ալ պնդելով, թէ «ահաբեկչութեան» հետեւանքով մահացած են Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան 4 աշխատակիցներ:
Պաշտօնական Ստեփանակերտը հերքեց Պաքուի պնդումները:
Իր կարգին, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու միակ ուղին հայկական զինեալ ուժերու անվերապահ եւ ամբողջական դուրս բերումն է Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանէն եւ այսպէս կոչուած վարչակարգի լուծարումը»:
«Ձեռնարկուած քայլերու նպատակը բացառապէս ապօրինի հայկական ռազմական կազմաւորումներն ու ռազմական ենթակառոյցներն են», կ՛ըսուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ:
Ազրպէյճան երէկ զանգուածային զինուորական յարձակում սկսաւ Արցախի դէմ` իր գործողութիւնները որակելով տեղական «հակաահաբեկչական քայլերու» մեկնարկ:
Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ, մեկնաբանելով Արցախի դէմ Պաքուի զինուորական յարձակումը, յայտարարեց. «Իրադարձութիւններուն մասին հայ բնակչութիւնը զգուշացուած է «Էս.Էմ.Էս.» հաղորդագրութիւններու միջոցով:
Հաճիեւ նշած է. «Բնակիչներէն խնդրած ենք հեռու մնալ զինուորական կառոյցներէն»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ տարածեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Հայաստանը մեղադրեց եռակողմ յայտարարութեան չորրորդ կէտը խախտելու մէջ` պնդելով, որ Երեւանը «կը շարունակէ ռազմական գործողութիւնները եւ ականներու տեղադրումը», «խամաճիկ վարչակարգի» միջոցով «կը սրէ ռազմական լարուածութիւնը շրջանին մէջ»:
«Շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովելու համար Հայաստանի եւ անոր ստեղծած խամաճիկ վարչակարգին կողմէ իրականացուող ռազմական սադրանքներն ու ահաբեկչական գործողութիւնները պէտք է վճռականօրէն դատապարտուին եւ կանխուին», կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ ժամը 13:00-ի սահմաններուն մէջ ազրպէյճանական զինուժը շփման գիծի ամբողջ երկայնքին խախտած է հրադադարը` հասցնելով հրթիռահրետանային հարուածներ: Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ ազրպէյճանական զինուժը իրականացնելով հրթիռահրետանային նախապատրաստութիւն կը փորձէ յառաջանալ Արցախի պաշտպանութեան բանակի պաշտպանութեան խորքը:
«Արցախի պաշտպանութեան բանակի զօրքերը կը ցուցաբերեն յամառ դիմադրութիւն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Արցախի պաշտպանութեան բանակը նշեց, որ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կը շարունակեն տարբեր զինատեսակներէ կրակը շփման գիծի երկայնքին` ձեռնարկելով նաեւ դիրքային յառաջխաղացման փորձեր, կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը` աւելցնելով, որ պաշտպանութեան բանակը կը ձեռնարկէ պաշտպանողական բնոյթի միջոցառումներ:
«Այս բոլորին զուգահեռ, ազրպէյճանական քարոզչամեքենան կը կիրարկէ լայնածաւալ տեղեկատուական-հոգեբանական ներազդման միջոցառումներ: Կոչ կ՛ուղղենք հայկական լրատուամիջոցներուն, դիմատետրի օգտատէրերուն, չճշդուած տեղեկութիւններ չհրապարակել եւ հետեւիլ միայն պաշտօնական աղբիւրներուն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Երեկոյեան Արցախի պաշտպանութեան բանակը յայտարարեց, որ մարտերը շփման գիծի ամբողջ երկայնքին կը շարունակուին` աւելցնելով, որ ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ կը կիրարկուին հրետանային ու հրթիռային միջոցներ, հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր եւ օդուժ:
Իր կարգին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու շրջանակին մէջ կան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ, որոնց շարքին` երեխաներ: Երեկոյեան Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան յայտարարեց, որ վերջին տուեալներով Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ահաբեկչական յարձակումին պատճառով արձանագրած են 25 զոհեր եւ 138 վիրաւորներ:
Պաշտօնական Երեւանը խստօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ նախայարձակումը:
«Խստագոյնս կը դատապարտենք Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ նախայարձակումը եւ զանգուածային ոճրագործութիւնը, որ ճիշդ երեք տարի առաջ` 2020 թուականի սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ ուժի կիրարկման շարունակութիւնն է: «Ռազմական կառոյցներու ոչնչացման» սին պատրուակով Ազրպէյճանի կողմէն հրետակոծութեան կ՛ենթարկուին քաղաքային բնակավայրեր, Ստեփանակերտ քաղաքը, այլ քաղաքներ ու գիւղեր», նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային գործընկերներուն, միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման համար առաջնային պարտաւորութիւն ունեցող ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն, ներառեալ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմը` ձեռնարկելու յստակ եւ աներկբայ քայլերու` Ազրպէյճանի նախայարձակումին վերջ դնելու նպատակով:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ Ազրպէյճանը սանձազերծած է հերթական լայնածաւալ նախայարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ` նպատակ ունենալով աւարտին հասցնել ցեղային զտումներու իր քաղաքականութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ աւելցուցած է, որ առաջնորդուելով անպատժելիութեան զգացումով, Ազրպէյճանը բացայայտօրէն ստանձնած է նախայարձակման պատասխանատուութիւնը:
«Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ` Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ կը սկսի «հակաահաբեկչական միջոցառումներ», որուն վերաբերեալ, ըստ ազրպէյճանական կողմի պաշտօնական հաղորդագրութեան, տեղեկացուած են Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը, ինչպէս նաեւ ռուս-թրքական դիտարկումի կեդրոնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Հայկական կողմը բազմիցս ահազանգած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի շարունակական նախայարձակ գործողութիւնները, ռազմատենչ անթաքոյց հռետորաբանութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը «ահաբեկիչներ» որակելու բացարձակապէս կեղծ եւ դատապարտելի քարոզչութիւնը կը հետապնդէ մէկ նպատակ` ուժի կիրարկման միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը ցեղային զտումներու ենթարկել, զրկել իր հայրենիքին մէջ ազատ եւ արժանապատիւ ապրելու ու արարելու իրաւունքէն: Նոյն նպատակը հետապնդած են 2020 թուականի դեկտեմբերէն Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի` Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի լիակատար շրջափակումը: Յարձակման նախորդած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կեղծ տեղեկատուութեան տարածում ականապատման եւ ներթափանցման գործողութիւններու մասին, ինչ որ կը վկայէ յարձակման ծրագրաւորման եւ տեղեկատուական դաշտի ապահովման մասին: Կրկին կը յայտարարենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած չեն Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժեր եւ ռազմական սարքաւորումներ, ականապատման եւ ներթափանցման գործողութիւններու մասին բոլոր լուրերը կեղծ են եւ շինծու», յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ազրպէյճանը կը շարունակէ Արցախի/Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային զտումները` բռնի ուժով ստիպելով 120 հազար բնակչութեան լքել իրենց տունը:
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ղազարեանն ալ «Էքս»-ի մէջ գրած է, որ ականատեսն են, թէ ինչպէս Ազրպէյճանը իր ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը իրականացնելու համար կը շարժի դէպի խաղաղ բնակչութեան ֆիզիքական ոչնչացում, Արցախի քաղաքացիական կառոյցներու վերացում»:
Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի հրատապ նիստէն ետք Արցախի նախագահականը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը պատրաստ է բանակցութիւններու:
«Արցախի Հանրապետութիւնը մշտապէս եղած է խաղաղ կարգաւորման կողմնակից եւ կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը` բոլոր հարցերուն լուծումը տալու բանակցութիւններու միջոցով», կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի գրասենեակը:
Պաշտօնական Ստեփանակերտը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային դերակատարներուն եւ շահագրգիռ բոլոր կողմերուն անյապաղ ձեռնարկելու անհրաժեշտ բոլոր միջոցները` Արցախի նկատմամբ նախայարձակումը դադրեցնելու ուղղութեամբ:
Շեշտելով, որ Ազրպէյճանը լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու սկսած է Արցախի նկատմամբ` թիրախաւորելով նաեւ քաղաքային կառոյցներն ու խաղաղ բնակչութիւնը, որուն պատճառով կան զոհեր եւ վիրաւորներ, ներառեալ կիներ, տարեցներ եւ երեխաներ` Ստեփանակերտը Ազրպէյճանի գործողութիւնները ցեղային զտման եւ ցեղասպան քաղաքականութիւն կ՛որակէ, մարդասիրական միջանցքի առաջարկն ալ մարդասիրութեան կեղծ օրակարգ կը նկատէ: Յայտնենք, որ Պաքու երէկուան գործողութիւններէն առաջ առաջարկած էր մարդասիրական միջանցք տրամադրել Արցախի հայութեան:
Երէկ երեկոյեան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ Պաքու պատրաստակամ է Եւլախի մէջ հանդիպելու հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
«Հակաահաբեկչական քայլերը դադրեցնելու համար հայկական անօրինական զինեալ խմբաւորումները պէտք է սպիտակ դրօշ բարձրացնեն, յանձնեն բոլոր զէնքերը, իսկ անօրինական վարչակարգը պէտք է ինքնալուծարուի: Այլապէս հակաահաբեկչական քայլերը պիտի շարունակուին մինչեւ վերջ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Արցախի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ յարձակումին եւ ի տես այս իրականութեան Հայաստանի իշխանութիւններուն անգործութեան պատճառով երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ կատարուեցան բազմամարդ ցոյցեր: Կառավարութեան շէնքի մօտ «Մայր Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեան յայտարարեց, որ քաղաքական ուժերը պէտք է նախաձեռնեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռացման գործընթաց:
Բազմաթիւ մարդիկ հաւաքուեցան նաեւ Ռուսիոյ դեսպանատան մօտ, անոնք յայտարարեցին, որ գործողութիւններ կը պահանջեն Արցախ խաղաղապահներ ուղարկած Մոսկուայէն: