Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ: Այս մասին կը յայտնէ վարչապետի բանբերը:
Քննարկուած է Ազրպէյճանի յարձակումէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը: Երկուստեք ընդգծուած է ուժի կիրարկման անթոյլատրելիութիւնը եւ լարուածութեան թօթափման համար միջազգային գործիքակազմերու կիրարկման անհրաժեշտութիւնը:
Ֆրանսայի նախագահը տեղեկացուցած է, որ Ֆրանսան ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հրատապ նիստի կը նախաձեռնէ:
Վարչապետի մամլոյ քարտուղարը նաեւ կը յայտնէ, որ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ:
Քննարկուած է Ազրպէյճանի յարձակումէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը: Երկուստեք ընդգծուած է ուժի կիրարկման անթոյլատրելիութիւնը եւ միջազգային գործիքակազմերու կիրարկման անհրաժեշտութիւնը: