Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ մեկնեցաւ Նիւ Եորք` մասնակցելու ՄԱԿ-ի 78-րդ Ընդհանուր ժողովին:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ նախագահական ընտրապայքարին առումով Լիբանան Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ-նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր փուլէն անցած է Սլէյման Ֆրենժիէ-բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն փուլին: Ան հաստատեց, որ Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը հաստատուն է` շնորհիւ անոր դաշնակիցներուն զօրակցութեան, «եւ անիկա հիմնուած է 51 քուէներու վրայ, որոնք կրնան բարձրանալ նախագահական որեւէ այլ նիստի ընթացքին», աւելցուց ան:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կոչ ուղղեց սուրիացի տեղահանուածներու հարցէն տուժող երկիրներուն դաշինք մը գոյացնելու եւ ճնշում բանեցնելու միջազգային հասարակութեան վրայ, որպէսզի այդ հարցին լուծում մը ապահովէ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի միջեւ տարակարծութիւնը տեղեկատուական մարզի լուսարձակներէն հեռու պահել եւ այդպէս լուծում մը գտնել` պահպանելու համար պետութեան հեղինակութեան մնացորդացը: Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կը պահանջէ պաշտօնազրկել Միջպաղեստինեան երկխօսութեան խորհուրդի նախագահ Պասել Հասանը` լիբանանեան-պաղեստինեան յարաբերութիւններուն հասցուցած անոր վնասին համար:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան միջամտած է ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի միջեւ տարակարծութեան եւ լուծած է զայն: Կը նախատեսուի, որ այսօր Մաուլաուիի եւ Օսմանի միջեւ հանդիպում մը կայանայ Տար Ֆաթուայի մէջ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ առանց աւանդական երկխօսութեան անկարելի պիտի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել: Ան աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան շրջագիծին մէջ զգալի է Հըզպալլայի բարի կամեցողութիւնը` փոխըմբռնումի յանգելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանանի տագնապին լուծումը նախագահական ընտրութեամբ պիտի չապահովուի, այլ` նախագահական ընտրութիւնը պիտի ըլլայ երկրին դիմագրաւած տագնապներու լուծման նախաքայլը:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Նաքուրայէն յայտնեց, որ առանց լիբանանցի երիտասարդներու ու Դիմադրութեան մարտիկներու զոհողութիւններուն եւ նահատակներու սխրանքներուն, Լիբանան գաղութի պիտի վերածուէր:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով հաստատեց, որ տակաւին խորհրդակցութիւնները այդքան ալ չեն հասունցած` ընտրելու համար հանրապետութեան նոր նախագահը: Ան ընդգծեց, որ ժամանակը նոր հրաշքներ պիտի չկարենայ իրագործել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ԿԵդրոնական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին կոչ ուղղեց երկխօսութեան եւ կիրքերը հանդարտեցնելու: Ան հաստատեց, որ Հըզպալլա կազմ ու պատրաստ պիտի ըլլայ` պաշտպանելու Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը:

 

Նախորդը

Իրանի Նախագահը Այսօր Կը Մեկնի Նիւ Եորք

Յաջորդը

Մելպըրնի Մէջ. «Լիբանանի Տագնապին Էութիւնը Երկրին Պատասխանատուներուն Միջեւ Անվստահութիւնն Է» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.