Տակաւին կանուխ է խօսելու, թէ արդեօք Հայաստանը կը փոխէ՞ Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները, սակայն Ուաշինկթըն ատոր կը ձգտի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի պաշտօնակատար Եուրի Քիմ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ լսումներու ժամանակ` պատասխանելով համապատասխան հարցումին:
Քիմ ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն պէտք է Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները դարձնէ այնպէս, որ խօսուի Միացեալ Նահանգներու եւ ոչ թէ Ռուսիոյ հետ գործընկերութեան մասին:
«Այդ իսկ պատճառով Հայաստանին ցուցաբերուող մեր օգնութիւնը մեր գործընկերութեան մէջ այդքան կարեւոր է», աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ պէտք է մեծցնեն Հայաստանին տրամադրուող բազմակողմանի օգնութիւնը:
Սլոցքի. «Միացեալ Նահանգներու Հայաստանին
Օգնութեան Նպատակը Հակառուսական
Ցատկահարթակի Ստեղծումն Է»
Ռուսիոյ Տումայի միջազգային հարցերով յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Սլոցքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ արտաքին գործոց նախարարի` Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի պաշտօնակատար Եուրի Քիմի անվտանգութեան ոլորտին մէջ Հայաստանին աջակցելու եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութեան մասին յայտարարութիւններուն նպատակը Անդրկովկասի մէջ հակառուսական ցատկահարթակի ստեղծումն է:
«Եուրի Քիմը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ լսումներու ժամանակ յայտարարեց, որ պէտք է խօսիլ «Միացեալ Նահանգներու եւ ոչ թէ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի գործընկերութեան մասին»: Այժմ Ուաշինկթըն պատրաստ է «օգնելու» Երեւանին` ակնյայտօրէն երազելով Անդրկովկասի մէջ հակառուսական նոր ցատկահարթակ ստեղծելու մասին», նշած է Սլոցքի:
Ան ընդգծած է, որ նմանատիպ օգնութիւն առաջարկուած է Քիեւին. «Այժմ Ուքրանիան վերածուած է Միացեալ Նահանգներու խամաճիկի` կորսնցնելով իր գերիշխանութիւնը եւ կորսնցնելով իր բազմաթիւ քաղաքացիները»:
«Արտասահմանեան «հովանաւորութիւնը» աշխարհի ոչ մէկ երկրի օգուտ բերած է, այլ միայն դժբախտութիւն ու վիշտ, արիւն ու աւերներ, եւ ահա թէ ի վերջոյ ինչի կը յանգեցնէ ամերիկեան ուղիով «գործընկերութիւնը» եւ «զարգացման աջակցութիւնը», եզրափակած է ան:


