Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշիր Ժեմայէլի Նահատակութեան 41-րդ Յիշատակի Նշում

September 16, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի սպանութեան 41-րդ տարելիցին առիթով նախանցեալ երեկոյեան Պիքֆայայի Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` յարգելու համար նահատակ նախագահին յիշատակը:

Ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, Պաշիր Ժեմայէլի կինը` Սոլանժ Ժեմայէլ, որդին` երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ, դուստրը` Եումնա Ժեմայէլ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Միշել Մուաուատ, Էլիաս Հանքաշ, Ղասսան Հասպանի, Ժորժ Օքէյս, Ատիպ Ապտել Մեսիհ, Ռազի Հաժ, Ժիհատ Բագրատունի, Մարոնիներու լիկայի նախագահ Խալիլ Քարամ:

Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց մարոնի համայնքի առաջնորդ Նեպիլ Անթուան Անտարի եպիսկոպոսը, որ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Պաշիր Ժեմայէլի յատկանիշներուն` հաստատելով, որ նահատակ Պաշիրի յիշատակը կ՛ամրապնդէ հայրենիքին հանդէպ հաւատքը: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան պիտի մնայ Աստուծոյ, ազատութեան, մարդկային եւ հոգեւոր արժէքներուն նկատմամբ հաւատքի երկիրը:

Անտարի եպիսկոպոսը ընդգծեց, որ Պաշիր Ժեմայէլ պայքարեցաւ Լիբանանը միասնականացնելու եւ անոր գերիշխանութիւնն ու արժանապատուութիւնը վերականգնելու, ինչպէս նաեւ պետութեան իր հանգամանքը վերադարձնելու նպատակով:

«10.452-ի նահատակը ճշմարտութիւնը փնտռեց եւ աշխատեցաւ հայրենիքի բարգաւաճման ի խնդիր», ըսաւ ան:

Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին Պաշիր Ժեմայէլի ընտանիքը ցաւակցութիւն ընդունեց եւ ապա ուղղուեցաւ նահատակ նախագահին դամբարանը, ուր ծաղկեպսակի զետեղում կատարուեցաւ:

Նախորդը

Այն Հելուէի Մէջ Զինադուլը Կը Շարունակուի` Անխախտ Կերպով

Յաջորդը

Սլէյման Ֆրենժիէ Հանդիպումներ Ունեցաւ Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Ռաատի Հետ

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.