Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Հելուէի Զինեալ Բախումները Կասեցնելու Անհրաժեշտութիւնը Քննարկումի Նիւթ` Պըրրիի Եւ Ազզամ Ահմետի Միջեւ

September 15, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան եւ Ֆաթհի կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ազզամ Ահմետը, որուն հետ քննարկեց պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ զինեալ բախումները կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Ահմետ ընդգծեց, որ Այն Հելուէի մէջ զինադուլը պէտք է յարգուի, եւ անոր յանձնառու պէտք է մնան զինեալ բոլոր ուժերը, որովհետեւ պաղեստինեան այդ գաղթակայանին եւ Պաղեստինեան դատին դէմ նիւթուած դաւադրութիւնը բաւական մեծ է:

Հանդիպումէն ետք Ազզամ Ահմետ յայտնեց, որ Այն Հելուէի մէջ բազմիցս կարելի եղաւ զինադուլ հաստատել, սակայն ապահովական այդ կացութիւնը միշտ պայթեցաւ եւ ապահովութեան խախտում արձանագրուեցաւ: «Ո՞վ է զինեալ բախումներէն շահ ունեցողը», հարց տուաւ Ահմետ:

Ան ընդգծեց իրենց պատրաստակամութիւնը անմիջական զինադուլի մը` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են Այն Հելուէի, Սայտայի եւ Ղազիէի ապահովական կայունութեան համար կացութիւնը հանդուրժելու` աւելցնելով նաեւ, որ իրենց իրաւունքն է դիմադրել օրինազանցներուն:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Համասի քաղաքական գրասենեակի պատասխանատու Մուսա Ապու Մարզուք:

Հանդիպումին ընթացքին դարձեալ շեշտուեցաւ զինադուլ մը հաստատելու եւ պաղեստինեան գաղթակայանները ապազինելու կարեւորութիւնը:

Պըրրիի ջանքերով երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Այն Հելուէի մէջ զինադուլը վերականգնուեցաւ:

Նշենք, որ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ նախանցեալ գիշեր զինադուլը խզուեցաւ` բուռն զինեալ բախումներուն պատճառով:

Ուշ գիշերին, պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ գտնուող զինեալ խմբաւորումներ թիրախ դարձուցին նաեւ Այն Հելուէի մուտքին գտնուող լիբանանեան բանակի անցակէտը:

Զինեալ բախումները պատճառեցին 9 զոհեր եւ տասնեակ մը վիրաւորներ:

Երէկուան զինեալ բախումներուն պատճառով տեղացող կոյր փամփուշտներու տարափը հասած էր Սայտայի մէջ բնակող երեսփոխան Ուսամա Սաատի զաւկին` Մաարուֆ Սաատի բնակարանը: Բարեբախտաբար սակայն, Մաարուֆ Սաատ եւ անոր ընտանիքը փրկուած էին այդ փամփուշտներէն:

Երէկ առաւօտեան լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն այցելեց Սայտա: Ան հանդիպում մը ունեցաւ շրջանին հսկող բանակի սպաներուն հետ, որոնցմէ իմացաւ Այն Հելուէի զինեալ բախումներու մանրամասնութիւններուն մասին` բարձր գնահատելով լիբանանեան բանակի զինուորներուն գոյատեւումը եւ արհեստավարժութիւնը այդ բախումներուն վերաբերեալ:

 

 

Նախորդը

Լը Տըրիան Հանդիպումներ Ունեցաւ Ռայի Պատրիարքին, Միւֆթի Տըրիանին Եւ Քաղաքական Այլ Անձնաւորութիւններու Հետ

Յաջորդը

Յ. Բագրատունի Եւ Լը Տըրիան Ընդգծեցին Համախոհական Նախագահ Մը Ընտրելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.