Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ շարունակեց լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներուն, երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն, երեսփոխաններուն եւ հոգեւոր պետերուն հետ իր հանդիպումները` քննարկելու համար երկխօսութեան իր նախաձեռնութեան մասին անոնց կեցուածքներն ու տեսակէտները:
Լը Տըրիան երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին ֆրանսացի յատուկ պատուիրակը լսեց Ռայի պատրիարքին տեսակէտը` նախագահական ընտրութեան սառած թղթածրարին կեանք տալու եւ զայն աշխուժացնելու իմաստով:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ ժողովրդավարութիւնը յարգելու եւ լուծման յանգելու համար հիմնուելու երկրին սահմանադրութեան վրայ` զայն նկատի ունենալով իբրեւ գլխաւոր գործիքակազմ:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելով է միայն, որ կարելի պիտի ըլլայ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը դիւրացնել եւ քաղաքական կեանքը իր բնականոն ընթացքին վերադարձնել:
Լը Տըրիան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Քարամէ յայտնեց, որ ինք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ պիտի գործակցի` երկխօսութեան մասնակցելու եւ նախագահական ընտրութեան առումով համախոհութեան յանգելու նպատակով:
«Իրապաշտ ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ նախագահական ընտրութեան համար առաջադրուած հիմնական երկու թեկնածուները` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ եւ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր, չկրցան բաւականաչափ քուէներ ապահովել, եւ ըստ երեւոյթին անոնք իրենց քուէներուն թիւը բարձրացնելու կարողութիւն չունին:
«Հետեւաբար պէտք է զերօ կէտին վերադառնալ եւ համախոհական նախագահի մը շուրջ համաձայնիլ», ըսաւ ան:
Քարամէ Լը Տըրիանին յայտնեց, թէ ինք ամբողջովին պատրաստ է քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ բաց սրտով խորհրդակցելու եւ երկխօսութեան մասնակցելու, առանց նախապայմանի:
Երեկոյեան Լը Տըրիան այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի բնակարանը, Եարզէ, ուր ներկայ գտնուեցան նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ:
Կէս ժամուան դռնփակ նիստէն ետք, անոնք ուղղուեցան աւելի ընդարձակ դահլիճ մը, ուր հրաւիրուած էին սիւննի երեսփոխանները, որոնցմէ բացակայեցան երեսփոխաններ Իպրահիմ Մնայմնէ, Ուսամա Սաատ, Ժիհատ Սամատ, Եանալ Սոլհ, Մըլհեմ Հուժէյրի եւ Հալիմա Քաաքուր:
Նշենք, որ Լը Տըրիան նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով Լը Տըրիանի կողմէ նոր շարժում մը շօշափած է` աւելցնելով սակայն, որ պէտք է քանի մը օր ու շաբաթ եւս սպասել, որպէսզի ամէն ինչ ճիշդ իրենց անուններով կարելի ըլլայ յայտարարել: