Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Կրկնենք Մեր Կոչը` Դէպի Երկիր Երկու Միջանցքներու Բացման Կարեւորութիւնը» Կ՛ըսէ Միլլըր

September 14, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգները կը շարունակեն աշխատիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստեղծուած կացութեան կարգաւորման ուղղութեամբ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Մեթիու Միլլըր:

Ան վերստին շեշտած է, որ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն անձամբ ներգրաւուած է ատոր մէջ` միայն վերջին շաբթուան ընթացին բազմաթիւ հաղորդակցութիւններ ունենալով:

«Վերջին 24 ժամուան ընթացքին Աղտամի ճամբով Լեռնային Ղարաբաղ անցած է մարդասիրական ապրանքներու մէկ խմբաքանակ, ուստի անգամ մը եւս կը կրկնենք մեր կոչը որոշակի նիւթով` դէպի երկիր երկու միջանցքներու բացման կարեւորութիւնը` իբրեւ կարճաժամկէտ, եւ իբրեւ աւելի երկարաժամկէտ` երկու երկիրներու վերջնական համաձայնութեան գալը», ըսած է Միլլը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը չէ պատասխանած այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի 12 օգոստոսի յայտարարութիւնները, որոնք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը «կը մեղադրէին ամէն ինչի համար, որ տուեալ պահուն կը կատարուի շրջանին մէջ»:

Տարածուած կարծիք կայ, շարունակած էր հարցումի հեղինակը, որ Փութին «կը ջանայ տագնապը օգտագործել Հայաստանի` ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած վարչապետը տապալելու համար», եւ «եղան նաեւ որոշ հաղորդումներ նման գործունէութեան մէջ ներգրաւուելու համար «Վակներ»-ի վարձկաններ Հայաստան ուղարկելու մասին»: «Ես պիտի չարձագանգեմ այդ մեկնաբանութեան», յայտարարած է Մեթիու Միլլըր:

 

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Յառաջիկայ Ամիսներուն Պիտի Սկսի Զանգեզուրի Միջանցքի Բացման Աշխատանքին» Կ՛ըսէ Թուրք Նախարարը

Յաջորդը

Անտրէ Տը Պիւսի Շնորհաւորական Ուղերձը Նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանին

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.