Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արագօրէն վատթարացող մարդասիրական կացութեամբ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր:
«Մենք կը կրկնենք մեր կոչը, ինչպէս արտաքին գործոց նախարարը` շաբաթավերջին կատարած յայտարարութեան մէջ, Լաչինի եւ Աղտամի երթուղիներու անյապաղ եւ միաժամանակեայ բացման վերաբերեալ», ըսած է Միլլըր:
«Մենք ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղենք, ինչպէս արտաքին գործոց նախարարը իր կոչերուն մէջ, չձեռնարկելու որեւէ քայլի, որ պիտի բարձրացնէ լարուածութիւնը կամ պիտի շեղի այդ նպատակէն», ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Միլլըր նաեւ նշած է, որ Ուաշինկթըն չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ անկախ եւ գերիշխան պետութիւն, հետեւաբար չի ճանչնար այնտեղ օրերս տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնը:
Ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն վճռականօրէն աջակցիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ջանքերուն` երկխօսութեան միջոցով լուծելու գոյութիւն ունեցող խնդիրները: Անոր համաձայն, այդ իսկ պատճառով արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն եւ Կովկասի բանակցութիւններուն գծով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ հետեւողականօրէն ներգրաւուած եղած են եւ պիտի շարունակեն այս հարցով ներգրաւուած ըլլալ:
Պատասխանելով 11 սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ սկսած հայ-ամերիկեան միացեալ ռազմափորձերուն վերաբերող հարցումի մը` Միլլըր ըսաւ. «Միացեալ Նահանգները պատրաստականութիւնը պահպանելու նպատակով կանոնաւոր կերպով կը մարզուին եւ կը գործեն իրենց գործընկերներուն հետ` շարունակաբար բարելաւելով զինեալ ուժերու միջեւ փոխադարձ գործունակութիւնը»:
Լրագրողի հարցումին, թէ արդեօք հայ-ամերիկեան ռազմափորձերը նախատեսուա՞ծ են որեւէ ձեւով կանխարգիլելու ազրպէյճանական հաւանական յարձակումը, Միլլըր պատասխանած է. «Ո՛չ, առհասարակ այդպէս չէ»:
«Հայաստանը Միացեալ Նահանգներու վաղեմի գործընկերն է եւ 2003 թուականէն ի վեր կայուն յարաբերութիւններ ունի Քենսըսի ազգային պահակագունդին հետ` իբրեւ պաշտպանութեան նախարարութեան Պետական գործընկերութեան ծրագիրի մէկ մաս: Այնպէս որ ասիկա սովորական վարժանք է, որ ոչ մէկ ձեւով առնչուած է որեւէ այլ իրադարձութեան», ըսած է Միլլըր:


