Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Շարք Մը Հարցերու Շուրջ Բողոքագիր Յղած Է Հայաստանին

Սեպտեմբեր 12, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր յղած է Հայաստանին: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ:

«Վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական շրջանակներուն եւ քաղաքական վերնախաւին մէջ մենք արձանագրեցինք Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) շրջանակներուն մէջ ու Ռուսիոյ հետ երկկողմանի հիմքերով դաշնակցային կապերու նպատակայարմարութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շարք մը եռակողմ համաձայնագիրներու իրագործելիութեան մասին 2020-2022 թուականներու հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղիներու մասին որոշակի կասկածներու ի յայտ գալը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Ռուսիոյ դիւանագիտական գերատեսչութիւնը նշած է, որ այս ենթահողին վրայ Հայաստանի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն ձեռնարկած է «շարք մը ոչ բարեկամական քայլերու, ներառեալ Միջազգային քրէական դատարան Հռոմի կարգավիճակի վաւերացման հոլովոյթի մեկնարկը, վարչապետի կնոջ` Ա. Վ. Յակոբեանի մարդասիրական օգնութիւնը Քիեւի նացիական վարչակարգին, եւ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ հայկական տարածքին մէջ ռազմափորձերու կատարումը»:

Այս առնչութեամբ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեան կանչուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ անոր կարծր յայտարարութիւն կատարուած է:

Բացի ատկէ, ուղարկուած է բողոքագիր, որ կը վկայէ 6 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի «վիրաւորական յայտարարութիւններու անընդունելիութեան մասին»` ուղղուած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովային եւ ընդհանուր առմամբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան:

Առանձին մտահոգութիւններ հնչած են 7 սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ պլոկըր Միքա Պատալեանի եւ «Սփութնիք Արմենիա» ձայնասփիւռի կայանի կայքի սիւնակագիր Աշոտ Գէորգեանի ձերբակալութեան վերաբերեալ:

«Միեւնոյն ժամանակ, Մոսկուան համոզուած է, որ Ռուսիան եւ Հայաստանը կը մնան դաշնակիցներ, եւ գործընկերութեան զարգացման եւ ամրապնդման վերաբերեալ բոլոր համաձայնութիւնները ամբողջովին պիտի իրականացուին` ի շահ մեր երկու երկիրներու ժողովուրդներուն: Խօսքը, ի շարս այլոց, կը վերաբերի ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ վարժանքներու կազմակերպման ու անոնց յաջորդող, կազմակերպութեան դիտորդական առաքելութեան հանրապետութիւն ուղարկման` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կարգաւորման նպաստելու նպատակով», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

«Ռուսական կողմը պիտի շարունակէ գործադրել բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը այդ նպատակներուն համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Օվերչուք. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Սրումը Բացասաբար Կ՛անդրադառնայ Փոխադրամիջոցային Կապերու Ապաշրջափակման Շուրջ Բանակցութիւններուն Վրայ»

Յաջորդը

Ռուսիան Թեհրանի Եւ Պաքուի Հետ Կը Բանակցի Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան, Ապա Իրան Ելեկտրականութիւն Արտածելու Կարելիութեան Շուրջ

RelatedPosts

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին
Հայկական

Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին
Հայկական

Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?