Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութեան Միջազգային Արձագանգներ

September 11, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Արցախի նախագահի ընտրութեան` յայտարարելով, որ ատիկա «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, օրէնքներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն կոպիտ խախտում է»:

«Այսպէս կոչուած ընտրութիւններու կատարումը անգամ մը եւս յստակ ցոյց կու տայ, որ Հայաստանը եւ անոր ստեղծած այսպէս կոչուած վարչակարգը, որոնք քայլերու ձեռնարկած են սթաթիւս քոն պահպանելու եւ իր բռնագրաւման քաղաքականութիւնը շարունակելու համար, իրականութեան մէջ շահագրգռուած չեն խաղաղ հոլովոյթով եւ, ընդհակառակն, որդեգրած են սադրանքի եւ կացութեան սրման ուղին», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Ուքրանիա Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Պաքուին Եւ
Կը Դատապարտէ Արցախի Նախագահի Ընտրութիւնը

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է Արցախի նախագահի ընտրութեան կայացումը` աջակցութիւն յայտնելով Ազրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան:

«Կը դատապարտենք այսպէս կոչուած «նախագահական ընտրութիւնը», որ տեղի ունեցած է 9 սեպտեմբերին Ղարաբաղի տարածքին մէջ: Այս այսպէս կոչուած «նախագահական ընտրութեան» կայացումը կը հակասէ միջազգային օրէնքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն, եւ անոնց արդիւնքները առ ոչինչ են», կը նշուի Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Եւրոպական Միութիւնը Չի Ճանչնար Արցախի
Նախագահի Ընտրութեան Սահմանադրական Եւ
Իրաւական Շրջանակը

Եւրոպական Միութիւնը կը կրկնէ, որ չի ճանչնար սահմանադրական եւ իրաւական շրջանակը, որուն մէջ կատարուած է Արցախի նախագահի ընտրութիւնը: «Միեւնոյն ժամանակ Եւրոպական Միութիւնը կը հաւատայ, որ կարեւոր է Ղարաբաղի հայերուն համար համախմբուիլ տէ ֆաքթօ ղեկավարութեան շուրջ, որ կարողութիւն եւ կամք ունի ներգրաւուելու Պաքուի հետ արդիւնաւէտ քննարկումներուն մէջ: Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու է աջակցելու այս հոլովոյթին», գրած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բանբեր Նապիրա Մասրալի:

Թուրքիան Արցախի Նախագահի Ընտրութիւնը
Խաղաղութեան Բանակցութիւնները Խաթարելու
Ուղղուած Քայլ Կը Նկատէ

Թուրքիա Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կը նկատէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող «խաղաղ բանակցութիւնները» խաթարելուն ուղղուած քայլ: Այս մասին նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանին մէջ ոչ օրինական հայկական ուժերու կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ ընտրութիւններու կատարումը շրջանին մէջ կացութիւնը միակողմանիօրէն օրինականացնելու ուղղուած փորձ է, ինչ որ կը հակասէ միջազգային օրէնքին», նշուած է թրքական նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Թրքական կողմը աւելցուցած է. «Անգարան կը դատապարտէ ընտրութիւնները, որոնք կատարուած են այն ժամանակ, երբ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը կը փորձեն շարունակել խաղաղ բանակցութիւնները, եւ զանոնք կը գնահատէ իբրեւ այդ բանակցութիւնները խաթարելուն ուղղուած քայլ: Թուրքիան չի ճանչնար այդ ոչ օրինական ընտրութիւնները, որոնք կը խախտեն Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը»:

Թուրքիան ՄԱԿ-ին ու միջազգային կազմակերպութիւններուն եւս կոչ ուղղած է չճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը Կոչ Կ՚ուղղէ Արցախի Անյապաղ Ապաշրջափակման

Յաջորդը

Ռուսական Կարմիր Խաչը Ակնայի Ճամբով Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկած Է Արցախ

RelatedPosts

Հայաստան Շուտով Ռուսական Հեղուկ Կազ  Պիտի Ներածէ Երկաթուղիով`  Ազրպէյճանի Տարածքով
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Շուտով Ռուսական Հեղուկ Կազ Պիտի Ներածէ Երկաթուղիով` Ազրպէյճանի Տարածքով

January 20, 2026
Պայրամովն Ու Ռուպիոն Քննարկած Են  Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Գործընթացը
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամովն Ու Ռուպիոն Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը

January 20, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութիւնը  Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է

January 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.