Ռուսական լրատուամիջոցներու եւ լրագրողներու նկատմամբ տարողութեան իմաստով աննախադէպ քայլեր կը կիրարկուին պետութիւններու, համաշխարհային հարթակներու կողմէ: Պիտի ցանկայի, որ մեր բարեկամական երկիրներու պարագային նման բան տեղի չունենայ: «ՆԻՈՒԶ» կը հաղորդէ, որ այս մասին Երեւանի մէջ ռուսական լրատուամիջոցներու համախմբումի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ թուային զարգացման, կապի եւ զանգուածային հաղորդակցութիւններու փոխնախարար Պելա Չերքեսովա:
«Մենք միշտ շատ բաց ենք հայ լրագրողներուն համար, միշտ կը ջանանք ամէն ինչի մէջ օգնել», նշած է ան:
Չերքեսովա վստահութիւն յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ համար մետիա համախմբումը շատ լաւ դրական փորձառութիւն է, որ պիտի յանգեցնէ զիրար աւելի լաւ հասկնալուն, ինչպէս նաեւ փոխշահաւէտ եւ գործնական համաձայնութիւններու:
Նշենք, որ «Սփութնիք Արմենիա» հաղորդած էր, որ 6 սեպտեմբերին Գորիսի մէջ ձերբակալուած են ռուսամէտ պլոկըր Միքա Պատալեանն ու «Սփութնիք Արմենիա» ձայնասփիւռի կայանի սիւնակագիր Աշոտ Գէորգեանը:


