Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Եւրոպայի ախոյեան, 20 տարեկան Գոռ Սահակեան 67 քկ դասակարգի երկամարտի մրցումներուն, արձանագրելով 312 քկ արդիւնք մը, տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Այս դասակարգին մէջ 5-րդ անգամ ըլլալով աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու ախոյեան, Ասիոյ կրկնակի ախոյեան, չինացի Լիժուն Չեն, որ արձանագրեց 333 քկ (153+180) արդիւնք մը:



