Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ըսած է, որ Մոսկուան Երեւանէն բացատրութիւններ խնդրած է Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կարգավիճակի վաւերացման հարցով: Այս մասին կը հաղորդեն ռուսական լրատուամիջոցները:
«Ռուսիոյ իշխանութիւնները իրենց հետագայ քայլերը պիտի կառուցեն այն հիմամբ, թէ ինչպիսի՛ պատասխան պիտի ստանան Հայաստանէն», ըսած է Զախարովա:
Ան անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին կատարած այն յայտարարութեան, թէ անվտանգութեան առումով Հայաստանի Հանրապետութեան միայն մէկ կեդրոնէ կախեալութիւնը ռազմավարական սխալ է:
Զախարովա յայտարարած է, որ պէտք է կարենալ պատասխանատուութիւն կրել սեփական արարքներու համար եւ ոչ թէ մեղաւորներ փնտռել` ատիկա ընելով անվերջ եւ ամէն առիթով:
Անոր համաձայն, վերջին օրերու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը շատ յայտարարութիւններ կատարած է: «Ամփոփելով այդ յայտարարութիւնները` կ՛ուզեմ ըսել, որ պէտք է պատասխանատուութիւն կրել սեփական արարքներուն համար եւ ոչ թէ մեղաւորներ փնտռել` ատիկա ընելով անվերջ ու ամէն առիթով: Պէտք է պատասխանատուութիւն կրել եւ մեղքը կամ պատասխանատուութիւնը ուրիշին վրայ չնետել: Ճիշդ այս է քաղաքական գործիչի, պետական գործիչի եւ երկրի շահի մասին չմտածող անցողիկ մարդու տարբերութիւնը: Պէտք է սորվիլ պատասխանատուութիւն կրել սեփական քայլերուն համար: Այլապէս ատիկա քիչ մը նման է վատ ապրողի մասին պատմութեան», աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի յայտարարութիւնը, թէ Զախարովային հաւաստումները, թէ Հայաստան ճանչցած է Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, անհեթեթութիւն են, եւ թէ 9 նոյեմբեր 2020-ի համաձայնութիւններուն համաձայն` Բերձորի միջանցքը պէտք է գտնուի ռուս խաղաղապահներու իրաւասութեան տակ, Զախարովան ըսած է. «Ասիկա հանրային հռետորաբանութիւն է` շատ մօտ, գիտէ՞ք, բռնութեան նմանող բանի մը, անիկա պարզապէս չի զարդարեր Հայաստանի քաղաքական գործիչները»:
«Իսկ իմ բառերս Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման մասին ան որեւէ ձեւով նշա՞ծ է: Եթէ անոնք կ՛ուզեն խօսիլ փորձագիտական մակարդակով, լաւ քաղաքական մակարդակով, ապա ատոր համար կան բոլոր կարելիութիւնները: Մենք կապի հիանալի խողովակներ ունինք Երեւանի հետ բոլոր ուղղութիւններով, պետականէն մինչեւ հասարակական: Եւ այնուամենայնիւ, պէտք է, ինծի կը թուի… Ես կը հասկնամ, որ այնտեղ բոլորի դերերն ալ առանձնացուած են` ով ինչ կը յայտարարէ եւ ով ինչպէս կ՛ըսէ: Բայց եւ այնպէս, ես համոզուած եմ, որ ատիկա իրաւունք չի տար այն մարդոց, որոնք հայ հասարակութիւնը կը ներկայացնեն, օգտագործել նման արտայայտութիւններ, իսկ մենք զանոնք վերջին շրջանին քիչ չենք տեսներ ու լսեր», ըսած է Զախարովան:
«Ռուսիոյ հասցէին մեղադրանքներով պարբերական հռետորաբանութիւնը անընդունելի է, անիկա կը հարուածէ օգնութեան կարիք ունեցող մարդոց», աւելցուցած է ան` հարց տալով. «Հայաստանի իշխանութիւններու հռետորաբանութեան նպատակը արդեօք ոչ միայն պատասխանատուութիւնը ուրիշներու վրայ ձգելն ու խնդիրի լուծումը բարդացնելը չէ՞»:
«Մոսկուան հանդէս կու գայ Լաչինի միջանցքով եւ Աղտամի ճամբով մարդասիրական բեռներու անխոչընդոտ մուտքի օգտին եւ կոչ կ՛ուղղէ` խուսափելի խնդիրի քաղաքականացումէն», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Եւրոպական Միութիւնը, ինչպէս նախապէս, անամօթաբար կը փոխառէ ռուսական կողմի նախաձեռնութիւնները, մինչդեռ անոր քայլերը չեն յանգեցներ կացութեան կարգաւորման: Իսկ Մոսկուան կը գործէ եռակողմ համաձայնագիրներու ծիրին մէջ»:
Ան նշած է, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանին մագլցումի կանխարգիլման մեթոտները Ռուսիոյ աջակցութեամբ սահմանագծումը եւ սահմանազատումը, վստահութեան ամրապնդման քայլերը եւ ՀԱՊԿ-ի առաքելութեան տեղակայումն են:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին, գնդակը հիմա Երեւանի դաշտին մէջ է, դաշինքի միւս անդամները արդէն յայտնած են այս քայլին իրենց պատրաստակամութիւնը: «Սոթքի մօտ տեղի ունեցած վերջին ողբերգական դէպքը նոյնպէս ցոյց տուաւ Հայաստանի մէջ տեղակայուած եւրոպացի դէտերու աշխատանքին ցած արդիւնաւէտութիւնը», նշեց ան: