Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Խաղալ Կացութեան Երաշխաւորի Դերը Եւ Չի Պատրաստուիր Փոխելու Իր Առաքելութիւնը»

September 6, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով ըսած է, որ Ռուսիան կը գնահատէ Հայաստանի հետ կառուցողական յարաբերութիւնները, սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան ձախողման մասին թեզերուն կարելի չէ համաձայնիլ: Կը գնահատենք աշխատանքային եւ միանգամայն կառուցողական յարաբերութիւնները անոր եւ նախագահ Փոիթինի միջեւ, եւ յոյս ունինք, որ այդ յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն մնալ երկու երկիրներու սերտ համագործակցութեան գրաւականը: Սակայն պարոն վարչապետի այդ թեզերուն մենք չենք կրնար համաձայնիլ: Ռուսիան այդ շրջանի բացարձակ անքակտելի մասն է, ուստի ոչ մէկ տեղ կրնայ երթալ: Ռուսիան Հայաստանէն չի կրնար հեռանալ», ըսած է Փեսքով լրագրողներուն:

Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յիշեցնելով, որ նախապէս Փաշինեան իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» օրաթերթին տուած էր հարցազրոյց մը, որուն մէջ անդրադարձած էր շրջանէն Ռուսիոյ հեռանալու հաւանականութեան:

Փեսքով նշած է, թէ պէտք չէ մոռնալ, որ «Ռուսիոյ մէջ աւելի շատ հայեր կ՛ապրին, քան բուն Հայաստանի մէջ», եւ այդ հայերուն մեծ մասը Ռուսիոյ հայրենասէր քաղաքացիներ են եւ արժանի աւանդ ունին երկրի զարգացման գործին մէջ:

Ըստ Փեսքովի, Ռուսիան կը շարունակէ հետեւողական, կարեւոր դեր խաղալ կացութեան կայունացման գործին մէջ: «Ռուսիան կը շարունակէ խաղալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան երաշխաւորի դերը եւ չի պատրաստուիր փոխել իր առաքելութիւնը», ըսած է ան:

«Մենք պիտի շարունակենք դերակատարութիւն ունենալ: Այս ծիրին մէջ, ի հարկէ, կարեւոր է եռակողմ համաձայնութիւններու կեանքի կոչումը: Յաջողութեան գրաւականը ինքնին այդ համաձայնութիւններուն կէտերով շարժիլն է: Ի հարկէ, ատկէ ետք տեղի ունեցած են նոր իրադարձութիւններ, որոնք որոշակիօրէն փոխած են կացութիւնը, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ Ռուսիան կը պատրաստուի ձեւով մը ետ կանգնիլ իր գործողութիւններէն: Ընդհակառակն` մենք կը կարծենք, որ Ռուսիան կը շարունակէ կատարել անվտանգութեան երաշխաւորի դերը», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով:

 

Նախորդը

Զախարովա. «Մոսկուա Երեւանէն Հռոմի Կարգավիճակի Վաւերացման Հարցով Բացատրութիւններ Խնդրած Է»

Յաջորդը

Ըստ «Ազատութիւն» Ձայնասփիւռի Կայանին. Ռուս-Ուքրանական Պատերազմի Սկիզբէն Ի Վեր Հայաստան Առաջին Անգամ Ըլլալով Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկած Է Ուքրանիա

RelatedPosts

Կիրակի Օրուան Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններէն Առաջ.  ՀՅԴ-ի Նախընտրական Ամփոփիչ  Հանրահաւաք` Արտաշատի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Կիրակի Օրուան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններէն Առաջ. ՀՅԴ-ի Նախընտրական Ամփոփիչ Հանրահաւաք` Արտաշատի Մէջ

October 23, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.