Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հռչակագրային Իրաւադրոյթներ (Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 32-Ամեակ)

September 1, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրը կը նշուի ծանրագոյն պայմաններու մէջ: Արցախը կորսնցուցած է տարածքներ. 9-րդ ամիսը ըլլալով կը շարունակուի պաշարումը: Կ՛իրականացուի, մարդասիրական աղէտի ստեղծումով, ցեղային զտման քաղաքականութիւն` ամբողջական հայաթափման նպատակով:

Յղում կատարենք Արցախի Հանրապետութեան հռչակման փաստաթուղթին եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ տարածքներու կը վերաբերի անկախութիւնը:

«Ժողովրդական պատգամաւորների Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդների` բոլոր մակարդակների խորհուրդների պատգամաւորների մասնակցութեամբ համատեղ նստաշրջանը, արտայայտելով ժողովրդի կամքը, որն ամրագրուած է փաստացի անցկացուած հանրաքուէում եւ ԼՂԻՄ ու Շահումեանի շրջանային իշխանութեան մարմինների 1988-1991 թուականների որոշումներում, ազատութեան, անկախութեան, իրաւահաւասարութեան եւ բարի դրացիութեան նրա ձգտումը…»:

Անկախութիւնը հռչակուած է ԼՂԻՄ-եան տարածքներուն եւ Շահումեանի շրջանին վրայ: Այսօրուան հայկական Արցախի վերահսկողութենէն դուրս են ԼՂԻՄ-էն Շուշին եւ Հադրութը: Տակաւին չէ ազատագրուած նաեւ Շահումեանի շրջանը:

Անկախութեան հռչակումը եւ ինքնորոշումը միջազգային իրաւունք են: Հանրաքուէն`  ժողովրդավար իրաւաչափ եւ միջազգայնօրէն ընդունուած եղանակ ժողովուրդի կամքի արտայայտումին. այլ խօսքով` ինքնորոշումին:

Անցնինք երկրորդ յղումին` «Հիմնուելով ԽՍՀ Միութեան գործող Սահմանադրութեան եւ օրէնքների վրայ, որոնք ինքնավար կազմաւորումներին եւ հաւաքական բնակուող ազգային խմբերին իրաւունք են տալիս ԽՍՀՄ¬ից միութենական հանրապետութեան դուրս գալու դէպքում ինքնուրոյն որոշելու իրենց պետական¬իրաւական կարգավիճակի հարցը…»:

Անկախութեան հռչակագիրով իսկ ամրագրուած է, որ Արցախը իբրեւ ինքնավար կազմաւորում եւ հաւաքական բնակուող ազգային խումբ դուրս կու գայ Խորհրդային Միութենէն եւ ոչ թէ Ազրպէյճանէն: Արցախը իրաւականօրէն երբեք մաս կազմած չէ Ազրպէյճանին, ո՛չ 1918-ին եւ ո՛չ ալ 1991-ին: Իսկ այս կէտը սերտօրէն կ՛առնչուի ինքնորոշուելուն հետ: Միջազգային օրէնքներու համահնչեղութիւնը Արցախի անկախացման գործընթացին հետ կարեւոր է: Միջազգային այդ իրաւաչափութիւնները հիմնաւորում են ինքնորոշուելուն, ինքնորոշուած տարածքներուն, ինքնորոշուելու եղանակին եւ այն միաւորին, որմէ անկախացած է Արցախը:

Եւ այս առումներով հրամայական է «Ճանաչում յանուն փրկութեան» ձեւակերպումի ընդառաջ իրաւաքաղաքական աշխատանքներ ծաւալելը: Միջազգային իրաւաչափութեան ձեւակերպումը` անջատում յանուն փրկութեան է, բայց նման բառակապակցութիւն անուղղակի սատարած կ՛ըլլայ Ազրպէյճանի քաղաքականութեան, որովհետեւ անուղղակի ընդունած կ՛ըլլայ, որ Արցախը Ազրպէյճանին մաս է եւ անկէ պէտք է անջատուի: Մինչդեռ արդէն Խորհրդային Միութենէն անկախութեան հռչակումով անջատուած Արցախն է, որ միջազգային ճանաչում կ՛առաջադրէ` փրկուելու համար Ազրպէյճանի վարած ցեղասպանական քաղաքականութենէն:

Այսօրուան այս հրամայականը 32 տարուան վաղեմիութիւն ունի իբրեւ հիմնաւորում: Եւ այդ իրողութիւնը եւս իրաւականացուած է Անկախութեան հռչակագիրին մէջ: Այսպէս. «Հաշուի առնելով, որ Ազրպէյճանում տարուող ափարթէյիտի եւ խտրականութեան քաղաքականութիւնը հանրապետութիւնում ստեղծել է հայ ժողովուրդի նկատմամբ ատելութեան եւ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտ, ինչը յանգեցրել է զինուած բախումների, մարդկային զոհերի, խաղաղ հայկական գիւղերի բնակիչների զանգուածային բռնատեղահանման…»:  Փաստօրէն հռչակագիրի այս բաժինը բնութագրումն է Պաքուի վարած ցեղային զտման քաղաքականութեան, որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի: Ուրեմն հռչակագիրի իրաւական ագուցումները յստակօրէն տեսանելի են եւ աւելի քան այժմէական նշանակութիւն ունին:

Անկախութեան հռչակագիրին յղում ընելը, անոր գծած իրաւանիշերուն ընդառաջ մեր համահայկական օրակարգերը ճշդելը եւ «Ճանաչում յանուն փրկութեան» առաջադրանքին վրայ կեդրոնանալը ճիշդ ու միակ ուղիներն են այսօրուան պարտադրուող իրավիճակը յաղթահարելու եւ առաջնորդուելու դէպի Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում:

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Այսօր Հրաժարական Պիտի Տայ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (1 Սեպտեմբեր 2023)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ռուս-Ամերիկեան Գործարքային Դիւանագիտութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ռուս-Ամերիկեան Գործարքային Դիւանագիտութիւն

October 12, 2026
Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ

October 12, 2026
Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Զրոյցի  Ընթացքին` Ռուսական Քարիւղի Եւ Նաւթամթերքի  Մատակարարման Շուրջ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին` Ռուսական Քարիւղի Եւ Նաւթամթերքի Մատակարարման Շուրջ Համաձայնութիւն

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.