«Մենք Արցախ ուղարկած ենք 10 բեռնակառքեր, որոնք կը պարունակեն չհինցող պարենային սնունդի միջոցներ, երեխաներու սնունդ, կաթի փողի, նաեւ ելեկտրածին մեքենաներ, արեւային հարթակներ, այն ամէնը, որ ձեզի կարելիութիւն պիտի տայ դիմադրել», այս մասին Սիւնիքի մարզին մէջ կազմակերպուած ասուլիսի ժամանակ ըսաւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, որուն գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ֆրանսայէն ուղարկուած 10 բեռնակառքով շարասիւնին ուղեկցած է մինչեւ Կոռնիձորի սահմանային հատուած:
«Մենք այսօր այստեղ ենք, որովհետեւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդը 24 ապրիլին մեզի դիմեց եւ ըսաւ, որ պէտք է գործել, ժամանակն է գործելու, ժամանակն է Ֆրանսայի ժողովուրդին դիմելու: Եւ յատկապէս Ֆրանսայի տեղական իշխանութիւնները պէտք է միաւորուին ու կարենան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել Արցախին», ըսաւ Փարիզի քաղաքապետը:
Ըստ անոր, մարդասիրական օգնութիւնը նախատեսուած է Արցախի քաղաքացիներուն համար, որոնք դեկտեմբերէն շրջափակման մէջ են:
«Մեր ուղերձը յստակ է եւ պարզ, մենք նախ եւ առաջ կոչ կ՛ուղղենք յարգելու միջազգային օրէնքը: Արցախի բնակչութիւնը, արցախահայերը շրջափակման մէջ կը գտնուին, անկախ իրենց կամքէն, եւ այդ շրջափակումը կ՛իրականացուի խախտելով նաեւ 2020 թուականի զինադադարի յայտարարութիւնը», ըսած է ան:
Փարիզի քաղաքապետը նաեւ նշեց, որ այն, ինչ որ այսօր Արցախի մէջ տեղի կ՛ունենայ, նման է ցեղասպանութեան:
Օ տը Ֆրանս շրջանի ղեկավար Խաւիէ Պերթրան իր կարգին յայտնեց. «Շատերը չեն գիտեր, որ Արցախի մէջ երեխաները չեն կրնար բնական սնիլ, նորածինները բաւականաչափ սնունդ չունին, եւ խիստ սահմանափակ են կազի, լոյսի եւ ջուրի պաշարները: Եւ այդ մարդիկ այդ ամէնէն զրկուած են Ազրպէյճանի պատճառով, որ կ՛արհամարհէ միջազգային օրէնքը»:
Անոր համաձայն, այսօր իրենք մարդասիրական բեռ կ՛ուզեն հասցնել Արցախ, որ մարդիկ արժանապատիւ ապրին եւ Ազրպէյճանը ատիկա իրենց արգիլած է: «Ճիշդ այս է, որ մենք կ՛ուզենք ազդարարել եւ դատապարտել: Ազրպէյճանը կ՛ուզէ Արցախը դարձնել բանտ եւ այնտեղէն քշել բնակիչները», նշեց ֆրանսացի պատուիրակը` կոչ ուղղելով, որ միւս երկիրներն ալ հետեւին իրենց օրինակին:
Ֆրանսացի պաշտօնատարը յայտարարեց, որ իրենք Ֆրանսայի նախագահին կը դիմեն,
որպէսզի օգտուի իր դիրքէն եւ այն փաստէն, որ Ֆրանսան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ է, ընդունիլ տալու բանաձեւ մը, որով Բերձորի միջանցքը պիտի բացուի: