Ազրպէճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքուն Բերձորի միջանցքին մէջ անցակէտը տեղադրած է միջազգային օրէնքին համաձայն, միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ այդ քայլին պատճառով Ազրպէյճանը ճնշումներու ենթարկուած է:
«Մենք ատիկա կատարած ենք` անգամ մը եւս ցոյց տալով կամք, քաջութիւն, ինքնավստահութիւն», Բերձորի շրջանին մէջ խօսք արտասանելով յայտարարած է Ալիեւ:
Ան աւելցուցած է, որ անցակէտի բացման պատճառով Ազրպէյճան բախած է ուժեղ ճնշումներու եւ սպառնալիքներու:
«Ասիկա կը շարունակուի այսօր. տարբեր միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ Հայաստանն ու անոր նմանները տարբեր դաւադրութիւններ կը հիւսեն մեր դէմ: Սակայն ոչինչ կրնայ մեզի ստիպել շեղիլ մեր ճամբէն», ըսած է Ալիեւ:


