ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 3000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 3000 լ. ոսկիով, մազութը` 6000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է նոյնը: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են` 95 օքթան պենզինի թիթեղը` 1.796.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.834.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.671.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 901.000 լ. ոսկի:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երկուշաբթի, 28 օգոստոս 2023-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը` նուիրուած Բ. ազատագրումի տօնին:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը երէկ առաւօտեան ուղղաթիռով հսկեցին սահմանային Կապոյտ գիծին, որ կը սկսի Ատայսէէն եւ կ՛երկարի մինչեւ Ղաժար, Ուազզանի եւ Այն Արապ:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի նախագահ Ֆատի Հասան յայտնեց, որ օդանաւային ոչ մէկ թռիչք պիտի ջնջուի` հաստատելով, որ Լիբանանի օդակայանը շուրջօրեայ դրութեամբ պիտի շարունակէ գործել:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուր շեշտեց, որ Լիբանանի տագնապի լուծման համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Պէյրութ ժամանումի նախօրեակին երկրին մէջ կը տիրէ թափթփած կացութիւն մը, որ ցոյց կու տայ, թէ Լիբանան բնաւ պատրաստ չէ նախագահական ընտրութեան առումով որեւէ նախաձեռնութիւն ընդունելու, այդ նախաձեռնութիւնը ըլլայ ներքին թէ արտաքին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը չէ ստորագրած դրամատուներուն հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու պայմանագիրը` միջազգային ընկերութեան հետ, ինչպէս նախապէս խոստացած էր:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս ընդգծեց, որ երկրին մէջ տիրող հարցերը չեն հասուննար յամառութեամբ եւ համայնքային խտրութիւնը խորացնող բառամթերքով: Ան կոչ ուղղեց երկխօսութեան մը, որուն հիման վրայ բոլորը համախոհութիւն կը գոյացնեն:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկած «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան տեղեկագիրը յստակ կերպով բացայայտած է կատարուած բոլոր օրինազանցութիւններն ու մսխումները` ընդգծելով, որ պէտք է հաշուեքննութեան ենթարկել բոլոր փտածները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էլիաս Ըսթֆեն այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց պետական հաստատութիւններուն մէջ յոյն ուղղափառ համայնքին պաշտօնները պաշտպանելու կարեւորութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ պէտք է անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Այն Իպըլի մէջ ոճիրի զոհ գացած քաղաքացի Էլիաս Հասրունիի ընտանեկան պարագաներու պատուիրակութիւնը, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն հետաքննութեան ուղղութիւնը շեղել: Ժահժահ շեշտեց, որ հարցը պիտի հետապնդեն եւ դատական հարց պիտի յարուցեն բոլոր անոնց դէմ, որոնք ըստ հետաքննութեան մեղսակից են այդ անարգ ոճիրին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` փրկելու համար երկիրը: Ան հաստատեց, որ իրենց համար հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն է` կարգաւորելու համար երկրին պետական բոլոր հաստատութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ յետ հետապնդումներու Տէյր Քամար շրջանին մէջ ձերբակալած են երկու աւազակներ, որոնք տարբեր շրջաններէ գողցած են մեծ թիւով ինքնաշարժներ: Այդ շրջաններն են` Շուֆ, Տէյր Քամար, Համմանա, Ապատիէ, Ալէյ, Զահլէ, Սաատնայել, Շթորա, Պէյթ Շամա, Խալտէ, Ճիւնի, Ֆայթրուն, Պաթլուն, Ուաթա Ժոզ եւ Մէյրուպա:


