Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը կը հաղորդէ, որ 17 օգոստոսի ժամը 17:00-ի սահմաններուն մէջ, ազրպէյճանական զինուժը Ասկերանի շրջանին մէջ խախտած է հրադադարը` օրուան ընթացքին երկրորդ անգամ հրաձգային զէնքէ կրակ բանալով Սարուշէն համայնքի դաշտերուն մէջ աշխատող գիւղատնտեսական մեքենայի ուղղութեամբ:
Ակնյայտ է, որ պարբերաբար փորձելով խափանել հացահատիկի բերքահաւաքը, ազրպէյճանական կողմը կը ձգտի խորացնել շրջափակման հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան մէջ յառաջացած մարդասիրական աղէտը:


