Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի ռազմակայանի մուտքը չորեքշաբթի գիշերուընէ փակուած է: Այս մասին յայտարարեց Արցախի «Յեղափոխական» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Սիիպեանը` Դիմատետրի իր էջին ճամբով:
Ան արցախցիներուն կոչ ուղղեց` ժամը 19:00-ին հաւաքուելու Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ եւ միասին ըլլալու Իւանեանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանին դիմաց:
Անոնք Ռուսիայէն կը պահանջեն կատարել պարտականութիւնները եւ ապահովել Բերձորի միջանցքի անխափան երթեւեկը: Բացի ատկէ, ցոյցի կազմակերպիչները նշած են, որ այսուհետեւ իրենք պիտի վերահսկեն ռուս խաղաղապահներու տեղաշարժը:
Խաղաղապահները հինգշաբթի առաւօտեան փորձած են բանալ ռազմակայանի մուտքը, սակայն չեն յաջողած: Աւելի ուշ, սակայն, անոնք ուժի կիրարկումով վերաբացին ռազմակայանի մուտքը` հեռացնելով զայն փակած ինքնաշարժը:


