Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու. «Ֆրանսան Շահագրգռուած Չէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Հաստատումով»

August 17, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն հրապարակած է` մեղադրելով Ֆրանսան շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեծցնելու փորձերու համար:

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի` 15 օգոստոսին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է.«Անհեթեթութիւն է իբրեւ շրջափակում ներկայացնել գործունէութիւնը սահմանային անցակէտին, որ ստեղծուած է Լաչինի ճամբուն քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու Ազրպէյճանի պարտաւորութեան համաձայն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ` զայն զինուորական եւ անօրինական տնտեսական նպատակներով օգտագործելը կանխարգիլելու նպատակով»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը միեւնոյն ժամանակ ափսոսանք յայտնած է, որ «Ֆրանսական կողմը, հետեւելով Հայաստանի շահագործումներուն, չէ աջակցած այլընտրանքային ուղիներու օգտագործման համաձայնագիրներուն, որոնց աջակցած են Եւրոպական Միութիւնն ու Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական կողմի կրակ բանալու վերաբերեալ լուրերուն` զանոնք որակելով ապատեղեկատուութիւն եւ ընդգծելով, որ ֆրանսացի նախարարի այդ միջադէպին յղումը «անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ Ֆրանսան շահագրգռուած չէ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումով»:

«Լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառէ, որ Ֆրանսան, որ 30 տարի շարունակ աչք կը փակէր ազրպէյճանցիներու զանգուածային արտաքսման, անոնց դէմ պատերազմական յանցագործութիւններուն վրայ, այժմ կը փորձէ շրջանին մէջ իրականացնել իր նենգ քաղաքականութիւնը` օգտագործելով հայ բնակիչները եւ յենելով Հայաստանի կեղծ քարոզչութեան վրայ», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ Արգելափակած Են Ռուսիոյ Խաղաղապահներու Ռազմակայանի Մուտքը

Յաջորդը

Դաւիթ Իշխանեանը Հանդիպած Է Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարար, Պաշտպանութեան Բանակի Հրամանատար Կամօ Վարդանեանի Հետ

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.