Լոնտոնեան Չելսիին մաս կազմող սպանացի 28 տարեկան բերդապահ Քեփա Արրիսապալակա միացաւ սպանական Ռէալ Մատրիտին, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ ան մէկ տարուան համար փոխ տրուեցաւ մայրաքաղաքի կազմին:
Ան պիտի ըլլայ խումբին հիմնական բերդապահը, նկատի ունենալով, որ պելճիքացի Թիպօ Քուրթուան, որ վիրաւորուեցաւ, քանի մի ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Արրիսապալակա, որ Աթլեթիք Պիլպաոյի սան է, մինչեւ յունիս 2025 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Չելսիի հետ: