Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող սենեկալցի յառաջապահ Սատիօ Մանէ իր կազմը լքելով միացաւ Նասըրին (Սէուտական Արաբիա), այս մասին յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
31 տարեկան ֆութպոլիստը տարեկան պիտի ստանայ աւելի քան 40 միլիոն եւրօ, առանց տուրքերու, հաղորդեց միջազգային մարզական մամուլը:
Լիվըրփուլէն Պայէրն Միւնիխ տեղափոխուած Մանէ նախորդ տարեշրջանին իր կազմին հետ 38 մրցումի ընթացքին նշանակեց 12 կոլ եւ կատարեց 6 էսիսթ: