Իտալացի հանրածանօթ եւ փորձառու բերդապահ Ճիանլուիճի Պուֆոն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
45 տարեկան Պուֆոն իր արհեստավարժ ասպարէզին վերջին բաժինը անցուց իտալական Փարմայի հետ, որուն հետ սկսած էր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Պուֆոնի ասպարէզը աւարտելու որոշումը կը նշանակէ, որ Իտալիոյ ազգային խումբին` 2006-ի Մոնտիալի ախոյեան հռչակուած խումբէն ոչ մէկ գործող ֆութպոլիստ չմնաց:
Առաջին անգամ 1995-ին Փարմայի հետ իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսած Պուֆոն անոր մաս կազմած է մինչեւ 2001, որմէ ետք մինչեւ 2018` Եուվենթուսի:
Ան տարեշրջան մը ելոյթ ունեցած է նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, ապա դարձեալ մաս կազմած է Եուվենթուսի եւ Փարմայի:
2010-2018 ժամանակամիջոցին Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետի պաշտօնը կատարած Պուֆոն իր մասնակցութիւնը բերած է հինգ Մոնտիալներու: