Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան շնորհաւորած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը:
Շնորհաւորագիրին մէջ կը նշուի.
«Նորին վսեմութիւն տիար Դաւիթ Իշխանեան նախագահ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի
Մեծարգո՛յ պրն. նախագահ,
Ջերմապէս կը շնորհաւորեմ Ձեր ընտրութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին:
Դժուարին պայմաններուն, երբ Արցախն ու արցախահայութիւնը կը դիմագրաւեն ճակատագրական լուրջ մարտահրաւէրներ, անձնապէս ճանչնալով ձեզ, ձեր հաստատակամ սկզբունքային կեցուածքներն ու համոզումները, կը հաւատամ, որ պիտի կարողանաք լիիրաւ յանձնառութեամբ ձեռնհասօրէն կատարել եւ արդարացնել Արցախի եւ իր աննուաճ բնակիչներու ինքնութեան պահպանման եւ ինքնիշխան գոյատեւման պատասխանատու եւ ծանր պարտականութիւնը. վստահ եղէք, որ, անկասկած, միշտ ձեր կողքին պիտի գտնէք, իր ինքնապատկանելիութեան եւ արժանապատուութեան գիտակից ամբողջ հայութիւնը, որուն ամէնօրեայ ուշադրութեան եւ զօրակցութեան կիզակէտին եղած են եւ ե՛ն Արցախն ու արցախահայութեան հարցը իր բոլոր երեսներով:
Միշտ ձեր կողքին յաջողութեան մաղթանքներով`
ԺԻՐԱՅՐ ՐԷԻՍԵԱՆ
Երեսփոխան Սուրիոյ Խորհրդարանի»:


