Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի առաքելութիւնը խիստ մարդասիրական է եւ կը գործէ կողմերուն համաձայնութեամբ: Կարեւոր է, որ անիկա կարենայ գործել անվտանգ եւ կանխատեսելի կերպով: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայոն` մեկնաբանելով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հաղորդագրութիւնը, թէ շաբաթ օր Բերձորի միջանցքով 15 հիւանդի մարդասիրական տեղափոխման ժամանակ հիւանդներէն մէկը ձերբակալուած է:
Նշենք, որ Ազրպէյճան շաբաթ օր Բերձորի միջանցքին մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ինքնաշարժէն առեւանգած էր բուժման նպատակով Հայաստան տեղափոխուող արցախցի 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանը: