ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Մարկոսեան եւ ընտանիք
Տիկին Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան եւ ընտանիք
Տիկին Սեդա Պապահէքեան-Մարկոսեան եւ ընտանիք
Մարկոսեան եւ Խտըշեան ընտանիքներ
Պուլղուրճեան եւ Սիմիթեան ընտանիքներ
Պէրպէրեան եւ Փայասլեան ընտանիքներ
Տէր Գալուստեան եւ Հէքիմեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօրեղբօր, քեռիին եւ հարազատին`
ԽԱՉԵՐ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ 1927-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 26 յուլիս 2023-ի առաւօտեան ժամը 4:00-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 28 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ շաբաթ, 29 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նաեւ հեռաձայնով` կապուելով հետեւեալ թիւին` 961-3 288 476:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Հռիփսիմէ Չափրազեան
Տէր եւ տիկին Աբրահամ Չափրազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ալեքսան Չափրազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սիւզի Լալէեան եւ զաւակունք
Տիկին Լուսին Չափրազեան եւ զաւակունք (Աւստրալիա)
Տիկին Մարի Եաղլըճեան եւ զաւակունք (Աւստրալիա)
Տիկին Սիրվարդ Քահքէճեան եւ զաւակունք (Երեւան)
Չափրազեան եւ Լալէեան ընտանիքներ
Եաղլըճեան եւ Քահքէճեան ընտանիքներ
Պրունսուզեան եւ Յակոբեան ընտանիքներ
Նիկողոսեան եւ Փոսթաճեան ընտանիքներ
Նոման եւ Նահհաս ընտանիքներ
Մինասեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, աներոջ, մեծ հօր եւ հարազատին`
ՍԱՀԱԿ ԱԲՐԱՀԱՄ ՉԱՓՐԱԶԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1938-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 24 յուլիս 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ հինգշաբթի, 27 յուլիս 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՃՈՆԻ ԱՐԵՒԵԱՆի մահուան 6-րդ տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 30 յուլիս 2023-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: