Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուլիսի 27-էն Առաջ Եւ Վերջ…

Յուլիս 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

Լիզպոնի փամփուշտներէն 40 տարիներ ետք ի՞նչ սորվեցանք կամ սորվածներէն ի՞նչը իրականացուցինք, ո՞ր փամփուշտը կրակեցինք…

Բազմիցս խօսուած է, գրուած է, երգուած է, թէ Լիզպոնի գործողութիւնը լոկ զինեալ գործողութիւն մը չէր, այլ` ունէր տարբեր երեսներ: Ոմանք կ՛ըսեն` դասագիրք է, ուրիշներ կ՛ըսեն` պատմութիւն է, կ՛ըսեն, թէ անոնք սուրբեր են, քուրմեր են, կ՛ըսեն ու կ՛ըսեն, սակայն ո՞վ կը շարունակէ անոնց գործը, որո՞նք եւ ինչպէ՞ս կը փոխանցեն նահատակներուն պատգամները… Միայն ամեակներ նշելը, դասախօսութիւններ կարդալը, շիրիմ նորոգելը, երգեր հիւսելը բաւարար չեն հայրենասիրութեան, հայրենատենչութեան եւ հայրենատիրութեան մէջ յառաջ երթալու եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին հասնելու…

Լիզպոնի բազում երեսներէն այսօր կ՛ուզեմ առանձնացնել եւ կեդրոնանալ «զիջում»-ին վրայ: Այսօր մեզ միայն անհրաժեշտ է զիջիլ եւ ոչ յամառիլ, այսպէս ըսած «Նասրէտտին խոճա»-ի նման ըսել` ես տղամարդ եմ, խօսքս մէկ անգամ կ՛ելլէ բերնէս… Զիջիլ` այո՛, բայց ի՞նչ եւ որո՞ւ, թշնամի՞ին: Բնականաբար ոչ, թշնամիին մազաչափ մը անգամ, միլլիմեթր մը անգամ, փաստաթուղթ մը անգամ զիջելու իրաւունք չունինք, թշնամիէն միայն պէտք է պահանջել եւ ստիպել…

Ի՞նչ զիջեցան Լիզպոնի տղաքը` Արան, Սեդրակը, Սիմոնը, Վաչէն եւ Սարգիսը: Յանուն իրենց նպատակին, յանուն իրենց գործողութեան, յանուն ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականին զիջեցան իրենց կեանքը, զիջեցան իրենց հպարտութիւնը, վախը, ընտանիքները, կարօտը, երազը, եւ մանաւանդ` զիջեցան իրենց ԵՍԸ: Անոնք մէկ կողմ դրին ամէն ինչ, ամէն, բառին իսկական իմաստով ամէն ինչ, ներեցին բոլորին, ներեցին անգամ չներուողներուն, իրենց մահուան գիրկը ուղարկողներուն: Մաքրուեցան, մկրտուեցան եւ իրենց բռնած գործը աւարտեցին չակերտաւոր յաջողութեամբ…

Այսօր, 40 տարի ետք, մենք` բոլորս, ղեկավար թէ զինուոր, սպարապետ թէ բանուոր, կուսակցական թէ համակիր, կարիքը ունինք Լիզպոնի տղոց զիջելու դասէն քիչ մը սորվելու: Եթէ մենք այսօր չզիջինք, իրարու չներենք երկուստեք, ապա մեր անմիաբանութիւնը աւելի պիտի խորանայ ու խորանայ, եւ բնականաբար անմիաբանութեան աւարտը միայն փլուզումը կ՛ըլլայ: Կը յուսամ, որ այդ փլուզումը կանգնեցնեն Լիզպոնի մէջ անշնչացած մեր անմահ հերոսները` իրենց զիջելու, ներելու, խոնարհելու պատգամով…

Այսօր Լիզպոնի տղաքը կ՛ըսեն` բեմերէն այլեւս մի՛ խօսիք, թէ ժամը քանի՛ին յարձակումը սկսաւ, ժամը քանի՛ին աւարտեցաւ, ո՞վ առաջինը նահատակուեցաւ, յատուկ ջոկատի ոստիկանները եկան եւ այլն, եւ այլն: Այդ բոլորը ձեզ այսօր պէտք չէ, այսօր մենք ձեզի կոչ կ՛ուղղենք, որպէսզի զինուիք զիջողականութեամբ, որովհետեւ ոտքի կանգնելու ձեւը այժմ միայն այդ է…

Մեզի ամեակներ պէտք չեն, մեզի հայրենիք պէտք է: Եթէ չզիջիք ձեր Եսը այսօր, ապա պիտի զիջիք մեր երազած, բայց ոչ անհասանելի ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիքի 30 տոկոսը եւս…

Յարգելի եւ ոչ յարգելի ղեկավարներ` պետական թէ կուսակցական, հոգեւոր թէ մշակութային, այսօր ունիք առիթ` լսելու անդենական աշխարհէն եկող կոչ մը, ունիք առիթ` կրակելու փամփուշտ մը, իսկ թիրախը հայելին է: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող հայելիին դիմաց կանգնի, յիշէ տուած երդումը եւ կրակէ լիզպոնեան այդ փամփուշտը, որպէսզի ձեր հասկնալով, ձեր զիջելով, մենք կրկին անգամ հզօրանանք եւ Լիզպոնի տղոց հետ միասին ձեռք ձեռքի բարձրանանք ու բարձրացնենք մեր անաւարտ երազը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ստեղծումը…

Փա՛ռք քաջարի հերոսներուն…

Նզո՛վք վախկոտ ստրուկներուն…

 

 

 

Նախորդը

Պայքարի Ոգին Կը Շարունակուի

Յաջորդը

40 Տարիներ Ետք. Լիզպոնի Հինգի Կտակին Արժանի Ժառանգորդները Ըլլալու Համար…

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?