Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

40 Տարիներ Ետք. Լիզպոնի Հինգի Կտակին Արժանի Ժառանգորդները Ըլլալու Համար…

July 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

40 տարիներ առաջ միջազգային հանրութեան մտածողութեան մէջ «Զարթնում» յառաջացնելու նպատակով Հայ յեղափոխական բանակին պատկանող հինգ երիտասարդներ` Սեդրակը, Սագոն, Արան, Վաչէն եւ Սիմոնը,  անձնասպանական գործողութեամբ, գերագոյն զոհաբերութեամբ ցնցեցին աշխարհը:

40 տարիներ ետք, դժբախտաբար, «Զարթնում»-ի կարիք ունի ամէնէն առաջ մեր հասարակութիւնը, որովհետեւ Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութեան վերածելու ճիգ գոյութիւն ունի, Արցախը կորուստի եւ հայաթափման սեմին է, որուն դիմաց, ընդունինք կամ ոչ, գոյութիւն ունի համահայկական անտարբերութիւն, ազգային արժէքները` մշակոյթը, ժառանգութիւնը, պատմութիւնը, կորուստի սեմին են, հայրենիքի գաղափարը հետզհետէ սկսած է սահմանափակուիլ «բնակած վայր»-ի սահմաններով, համահայկական միասնականութիւնը նոյնիսկ լոզունգային սահմաններու մէջ չէ, եւ փոխարէնը` ատելութիւնը տիրական ներկայութիւն է, ազգայինը համամարդկայինի եւ անդիմագիծ հասարակութիւններու ու գաղափարախօսութիւններու դիմաց գոյութենական վտանգի մէջ է, գաղութները հայրենիքով ապրելու եւ տառապելու փոխարէն` ձեռնարկներով յագեցում կը ստանան, կը բաւարարուին, կազմակերպութիւններն ու կառոյցները ներքին մրցակցութիւններով եւ պայքարներով ինքնափճացման եզրին են, եւ կարելի է թուե՜լ ու թուել…

Այս իրադրութեան դիմաց, Լիզպոնի հինգին ի՞նչ խոստում կարելի է տալ: Ի՞նչ ըսել: Ինչպէ՞ս «արդարացնել» կացութիւնը: Մոմով ու խունկով Լիզպոնի հինգին հոգիները չեն հանգչիր, որովհետեւ լոկ ձեւական ինքնախաբէութիւն է այդ արարողակարգը:

Դիւրին է տարին մէկ անգամ յիշատակելն ու հաւաք կազմակերպելը, դժուարը տարուան 365 օրերուն Լիզպոնի ոգիով առաջնորդուիլն է, հակառակ անոր որ այս օրերուն յիշատակի հաւաքներուն երիտասարդութիւն հաւաքելն անգամ մեծ ճիգ կը պահանջէ… Դիւրին է բեմերէն ճառախօսութիւններ կատարելը, դժուարը խօսքը գործի վերածելն է, որուն արժէքը վերջին տարիներուն գրեթէ կորսուած է: Դիւրին է քայլերթ-ջահերթ կազմակերպելը, դժուարն ու իսկականը արշաւանք իրականացնելն է: Դիւրին է կենաց խմելը, դժուարը կեանքի տագնապներու մէջ ապրող հայորդիներու ձեռք երկարելն է, կարեկցիլն է, զօրակցիլն է: Դիւրին է սոխակի թէ թութակի ձայնով երգելը, դժուարը երգերու իմաստներուն թափանցելն է, եւ ոգելիցի ազդեցութենէն անդին` երգերու ոգիով ու շունչով գործելն է:

Լիզպոնի հինգին արժանի ժառանգորդները կ՛ըլլանք, երբ գործնականապէս եւ հաւաքական կարողականութիւններու մէկտեղումով «ընդարձակենք պայքար»-ը, երբ ամբողջական իմաստով «շարունակենք սուրբ գործը», երբ չդառնանք «ուրիշին խամաճիկները», եւ երբ հաւատանք, որ` «Առանց հայրենիքի ապագայ չկայ»: Ժամանակները փոխուած են, միջոցներն ալ փոփոխութիւններու ենթակայ են, սակայն նպատակը պէտք է մնայ էապէս անփոխարինելի:

Եւ վերջապէս, յիշատակը առաւել եւս անմահացնելու համար Երեւանի մէջ, «Նեմեսիս»-ի յուշարձանին կողքին, պէտք է շուտով կանգնեցնել Լիզպոնի հինգին առնականութիւնն ու խիզախութիւնը մարմնաւորող կոթող մը` որպէս յուշարար ազգային ոգիի, պայքարելու կամքի, պահանջատէր ժողովուրդի դատի եւ գերագոյն զոհաբերութեան…

 

 

Նախորդը

Յուլիսի 27-էն Առաջ Եւ Վերջ…

Յաջորդը

Դեռ Երէկ Էր` Քառասուն Տարի Առաջ (Լիզպոնի Հինգ Տղոց Յիշատակին)

RelatedPosts

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Ապայ»-ի Բարձր Կոչումին
Անդրադարձ

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Ապայ»-ի Բարձր Կոչումին

October 14, 2026
Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.