Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի 5-ի Աւանդը Վառ Պահելու Ու Նոր Պայքարի Վճռակամութեամբ

Յուլիս 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Արտասովոր պայմաններու եւ ժամանակներու մէջ կ՛ոգեկոչենք Լիզպոնի հերոսական սխրանքի 40-ամեակը: Համընդհանուր ազգային հիասթափութեան, յուսաբեկման եւ ճնշուածութեան մթնոլորտի մէջ, երբ նոյնինքն ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ արժէքային համակարգը շարունակաբար կը նսեմացուին ու կը հարուածուին, երբ Արցախը ենթակայ է հայաթափման ամբողջական վտանգի, հայրենիքի սահմանները ամէնօրեայ դրութեամբ կը հրմշտկուին ու տարածքներ կը զաւթուին, թշնամիին ռազմատենչ սպառնալիքները կը բազմանան եւ այս բոլորի կողքին, սփիւռքը նաեւ կը դիմագրաւէ բազում մարտահրաւէրներ, ահաւասի՛կ դարձեալ պիտի կանգնինք հայ ժողովուրդի եզակի ու պատմադրոշմ համազգային նուաճումին դիմաց եւ այժմէականացնենք ու թարմացնենք անոր խորհուրդը եւ զսպանակենք մեր վաղուան հաւաքական պայքարի երթը:

Արդարեւ, Լիզպոնի գործողութիւնը եւ անոր ձգած հզօր աւանդը հայ երիտասարդութեան կը թելադրէ`

Ա.- Վերակերտել հայ երիտասարդի մարտական, պայքարող եւ գաղափարական նկարագիրը: Այո՛, ինքնախաբէութիւնը պէտք չէ շեղէ հայ երիտասարդին ուղղութիւնը: Այսօր դժբախտաբար տեղատուութիւնն ու նահանջը ակներեւ են այս իմաստով: Այս բոլոր արժէքներու վերընձիւղումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է: Ներկայ ժամանակներուն մէջ պայքարի զէնքերը փոխուած են: Հայ երիտասարդութիւնը ինքնակամ, համոզուած ու պատրաստակամ` պէտք է նախաձեռնէ իր եւ հայութեան նոր պայքարը: Անշուշտ այստեղ մասնագիտական ներուժը եւ գիտական հասկացողութիւնները նոր ռազմադաշտին մէջ պիտի դառնան գերակշռող ու լիիրաւ կերպով օգտագործելի:

Բ.- Լիզպոնի անձնուրացները որոշեցին հայավայել ու հերոսավայել կեցուածքով քանդել լռութեան պատը, որ սկսած էր ճնշել ու խոչընդոտել հայութեան գոյերթը: Այսօրուան կացութիւնը յար եւ նման է այդ ժամանակին: Հետեւաբար պէտք է դարձեալ քանդել համակերպումի, ստրկամտութեան, եսակեդրոն կեանքի բոլոր կապանքները, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր պայքարով դարձակէտ մը դնել հայ կեանքին մէջ եւ հիմնովին շրջել պարտուողական ու յանձնուողական ընթացքը եւ ստեղծել Հայ դատի ու մեր արդար իրաւունքներու հետապնդման պայքարի շնչող ու աճեցնող միջավայր:

Գ.- Թելադրական է Լիզպոնի առիւծասիրտ տղոց ուղղած պատգամները` նախքան գիտակցօրէն կառչելու նահատակութեան ու իրականացնելու իրենց սրբազան ուխտը: Միջազգային հողմերու եւ հոսանքներու ստեղծած ընդհանուր ոլորապտոյտին մէջ մակերեսայնութիւնը, ինքնանպատակ կեանքի խորացումը եւ յոռի երեւոյթներու ընկալումը օրէ օր քիչ մը աւելիով կը փորձեն խորտակել հայ երիտասարդի բիւրեղ նկարագիրը եւ դիմադրականութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ միանգամընդմիշտ ջնջել  անոր մէջէն պայքարի ոգին ու  այդ ճամբով իր լրումին հասցնել աւազակապետներու կողմէ պատրաստուած քարտէսներու նուիրականացումը: Ահաւասիկ այստեղ հերոսներու պատգամը կու գայ զգաստութեան հրաւիրելու նորահաս սերունդը, որպէսզի ան իր նորօրեայ պայքարին մէջ ցուցաբերէ անկոտրում կամք եւ վճռակամութիւն:

Դ.- Լիզպոնի հերոսներուն հաւատամքը պէտք է դարձնել երիտասարդութեան կեանքին մէջ առօրեայ կենսակերպ, այլ խօսքով, հայրենիքը ու հայութիւնը գերագոյն արժէք են, եւ այդ արժէքին համար պէտք է պատրաստ գտնուիլ զոհաբերելու ամենաթանկն ու դառնալու արժանի հայ երիտասարդի էութեան մաս կազմող հերոս կոչումին: Հերոսութիւնը անհրաժեշտ է այս օրերուն վերադարձնել իր հարազատ պատուանդանին եւ չարտօնել ոեւէ անհատի անոր  արժէքի ու իմաստի աղաւաղումը:

Ե.- Խօսքը գործի վերածող, յեղափոխութիւնը` պայքարի, յանձնառութիւնը` գիտակից զոհաբերութեան, եւ այդ ճամբով Լիզպոնի եզակի օրինակով առաջնորդուելու ու իբր այդպիսին` ամբոխավարութիւնը, խնճոյքներու սեղաններու վրայ դրսեւորուող կեղծ հայրենասիրութիւնը  ու արմատացող թմբիրը մերժող երիտասարդութիւնը միայն պիտի յաջողի իր միջավայրը համակել հայրենասիրութեամբ, անձնազոհութեամբ եւ ազգային ամբասիր գիտակցութեամբ: Մնացեալը հանդէս է ու շղարշ եւ պարզապէս ժողովուրդին մէջ պարտութիւնը կը վերածէ բնական համոզումի ու անոր հետ զայն ընտելացնելով` կ՛ունենայ ազգակործան հետեւանքներ:

Զ.- Լիզպոնի տղաքը իրենց դաստիարակութիւնը ստացան կենդանի գործին մէջ: Պեղեցին իրենց գոյութեան իմաստը եւ ճշդեցին իրենց գաղափարական ուղին: Այդ դաստիարակութիւնը անոնք ստացան Դաշնակցութեան հնոցին մէջ ու կերտուեցան համազգային վեհ իտէալներով ու նպատակներով:

Այսօր գաղափարական երիտասարդութիւնը պարտաւոր է յաւելեալ հզօրանք տալու ճիշդ այդ հնոցին ու չարտօնելու ոեւէ անհատի, որ այդ հնոցը հարուածուի կամ անոր դերակատարութիւնը նսեմացուի, որպէսզի ապրի ու ընդարձակուի նորօրեայ պայքարը:

Եւ որքան այժմէական կը հնչեն այսօր Եդուարդ Պոյաճեանի 1944-ին գրած հետեւեալ տողերը. «Բան մը կայ պայքարող երիտասարդին մէջ, կրակ մը, արարիչ մը, արարիչ զօրութիւն մը, որ ուրիշ տեղ չկայ. բան մը, կրակ մը, որ կեանքը չէ, այլ` բիւրեղացումը ապրելու, որ մահը չէ, այլ` ժխտումը անոր գոյութեան, որ անմահութիւնն իսկ չէ, ադամանդացումը` մշտնջենական արարչագործութեան մը»:

Այդ արարչագործութեան կենդանի վկաները կը շարունակեն մնալ Լիզպոնի անձնուրացները, եւ անոնց շունչով ու աւանդով պիտի շարունակուի ու ընդարձակուի հայութեան նորօրեայ պայքարը:

 

 

Նախորդը

«Երիտասարդութիւնը Պէտք Է Շարունակէ Լիզպոնի Եւ Արցախի Նահատակներուն Սրբազան Գործը» Հաստատեց Վանտա Աբրահամեան

Յաջորդը

Լիզպոնի Օղակը Քանդակուած Կը Մնայ Մեր Յիշողութեան Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?