Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին տեղի ունեցած Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն լոյսին տակ, Պայէրն Միւնիխ եւ Պորուսիա Տորթմունտ իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը:
Պայէրն իր տոմսը ապահովեց փենալթիներով` 4-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի, մինչ Տորթմունտ երկարաձգման ընթացքին 1-0 արդիւնքով յաղթեց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող Կրէօթըր Ֆուերթին:
Մէօնշընկլատպախ այս տարեշրջանին երկու անգամ Պունտըսլիկայի մրցումներուն յաղթած էր Պայէրնի: Անիկա իր դաշտին վրայ կատարուած վերջին 18 մրցումներուն ընթացքին մնացած էր անպարտելի` արձանագրելով 13 յաղթանակ եւ 5 հաւասարութիւն:
Նշենք, որ Պայէրն, Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին տիրանալ փորձելէ բացի, կը պայքարի նաեւ Պունտըսլիկայի եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսներուն համար:


