Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Ռուսիան Պիտի Պատասխանէ Խրիմի Կամուրջի Հարուածին»

July 19, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այն, ինչ որ 17 յուլիսին տեղի ունեցաւ Խրիմի կամուրջին վրայ, Քիեւի վարչակարգի հերթական ահաբեկչութիւնն է, Ռուսիան պիտի պատասխանէ, այժմ պաշտպանութեան նախարարութիւնը համապատասխան առաջարկներ կը պատրաստէ: Այս մասին Խրիմի կամուրջի պայթեցման վերաբերեալ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

Ռուսիոյ նախագահը յարձակումը կոչած է անիմաստ յանցագործութիւն, որովհետեւ կամուրջը երկար ժամանակէ ի վեր չ՛օգտագործուիր զինուորական փոխադրումներու համար:

«Ասիկա Քիեւի վարչակարգի հերթական ահաբեկչութիւնն է: Ասիկա յանցագործութիւն է, որ զինուորական տեսանկիւնէն անիմաստ է, իմաստ չունի, որովհետեւ Խրիմի կամուրջը երկար ժամանակէ ի վեր չ՛օգտագործուիր զինուորական փոխադրումներու համար: Սակայն դաժան է, որովհետեւ անմեղ քաղաքացիներ վիրաւորուած են, մահացած են», ըսած է ան:

Փութինի համաձայն,` Ռուսիոյ կողմէ պատասխան պիտի ըլլայ:

«Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը պատրաստէ համապատասխան առաջարկ», եզրափակած է Ռուսիոյ նախագահը:

Երէկ հաղորդուեցաւ, որ Ռուսիա թեւաւոր հրթիռներով հարուածած է Օտեսան` վնասներ պատճառելով անոր նաւահանգիստին ու օդակայանին:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ Օտեսայի մէջ Խրիմի կամուրջին վրայ յարձակումը պատրաստելու համար օգտագործուած դիրքեր քանդած է:

17 յուլիսին Ռուսիոյ ազգային հակաահաբեկչական յանձնախումբը յայտնած էր, որ ուքրանական երկու վերգետնեայ անօդաչու թռչող սարքեր յարձակում գործած են Խրիմի կամուրջին վրայ` Կրասնոտարի երկրամասի 145-րդ յենակէտին մօտ: Այդ պատճառով կամուրջը վնասուած էր, իսկ երթեւեկը` դադրեցուած:

Միւս կողմէ, Խրիմի Ղեկավար Սերկէյ Աքսիոնով յայտարարեց, որ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերն ու ռատիոելեկտրոնային պայքարի համակարգերը Խրիմի արեւելքին մէջ ետ մղած են անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումը:

Անոր համաձայն, 9 անօդաչու թռչող սարք վնասազերծուած է հակաօդային պաշտպանութեան համակարգին կողմէ, 19-ը` ճնշուած ռատիոելեկտրոնային պայքարի համակարգերուն միջոցով:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ պարզաբանեց, որ 17 անօդաչու թռչող սարք վնասազերծուած է, 11-ը` ճնշուած:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերատեսութեան Ենթարկելու Իր Որոշումը Եւ Անյապաղ Վերսկսելու «Հացահատիկի Գործարք»-ին

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը` Ազրպէյճանի Փտածութեան Գործողութիւններուն Վրայ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.