Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերատեսութեան Ենթարկելու Իր Որոշումը Եւ Անյապաղ Վերսկսելու «Հացահատիկի Գործարք»-ին

July 19, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը կը դատապարտէ «Հացահատիկի գործարք»-ը դադրեցնելու Ռուսիոյ որոշումը: «Քոմերսանթ» կը գրէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը:

Ըստ Եւրոպական Միութեան, «Ռուսիան առանձին կը փակէ Ուքրանիայէն արտահանման կարեւորագոյն ուղիներէն մէկը»: Եւրոպայի կարծիքով` Մոսկուան «ամբողջական պատասխանատուութիւն կը կրէ ամբողջ աշխարհի վրայ հացահատիկի մատակարարման ընդհատումներուն եւ պարենային ապրանքներու համաշխարհային գիներու աճին համար»:

Ըստ Եւրոպական Միութեան, «Հացահատիկի գործարք»-ը օգնած է ապահովել գրեթէ 33 միլիոն թոն հացահատիկի եւ պարէնի անվտանգ արտահանումը 45 երկիր:

«Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղէ` վերատեսութեան ենթարկելու իր որոշումը եւ անյապաղ վերսկսելու Սեւծովեան հացահատիկի նախաձեռնութեան գործադրումը», կը նշուի Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է «Թելեկրամ»-ի վրայ:

Զելենսքի Կութիերեսի Հետ Համաձայնած Է Սեւ Ծովուն Ճամբով
Պարենային Մատակարարումները Վերականգնելու
Աշխատանքներուն Շուրջ

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին համաձայնած է աշխատիլ «պատասխանատու պետութիւններ»-ու հետ` Սեւ ծովուն ճամբով պարէն մատակարարելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը:

«Ես խօսեցայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ: Նիւթը ակնյայտ է. ասիկա սովը զէնք դարձնելու եւ համաշխարհային պարենային շուկան ապակայունացնելու` ռուսական հերթական փորձն է: Ահաբեկչական պետութիւնը վտանգի տակ դրած է տարբեր երկիրներու մէջ 400 միլիոն մարդու կեանքը, որ կախեալ է պարէնի ուքրանական արտածումէն», գրած է Զելենսքի իր թելեկրամեան ալիքին վրայ:

Անոր համաձայն, ամէնէն ճգնաժամային կացութիւնը այնպիսի ափրիկեան եւ ասիական երկիրներու մէջ է, ինչպիսիք են Սոմալին, Եթովպիան, Հարաւային Սուտանն ու Եմէնը:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով 17 յուլիսին յայտարարած էր. «Փաստացի սեւծովեան համաձայնութիւնները այսօր դադրած են գործելէ: Ինչպէս նախապէս ըսած էր Ռուսիոյ նախագահը, վերջնաժամկէտը 17 յուլիսն է: Ցաւօք, Ռուսիոյ վերաբերող հատուածը մինչեւ օրս չէ կատարուած, հետեւաբար ատոր գործողութիւնը դադրեցուած է»:

Ան ընդգծած էր, որ անմիջապէս որ համաձայնութիւններու ռուսական մասը կատարուի, Ռուսիան «անյապաղ պիտի վերադառնայ այս գործարքի գործադրութեան»:

Նախորդը

Փենթակոն Իրանը Զսպելու Համար Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Խորտընկէցի Եւ Հալածիչներու Տեղակայումը Յայտարարեց

Յաջորդը

Փութին. «Ռուսիան Պիտի Պատասխանէ Խրիմի Կամուրջի Հարուածին»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.