Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտնեց. «Թեհրան Ռուսիոյ կամ որեւէ այլ երկրի` իրանեան հողային ամբողջականութեան հարցին միջամտութիւնը չի հանդուրժեր»:
Անդրադառնալով երեք կղզիներու խնդիրին շուրջ Ծոցի երկիրներու եւ Ռուսիոյ միացեալ հաղորդագրութեան` իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց. «Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Տիտովը կանչուեցաւ, եւ անոր ըսուեցաւ, որ ոչ ոքի հետ մեր գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան վերաբերեալ հաճոյախօսութիւն կը կատարենք»:
Ան ըսաւ. «Ռուսիոյ դեսպանը հաղորդագրութեան վերաբերեալ իր բացատրութիւնները ներկայացուց, սակայն անոնք անընդունելի են, եւ Ռուսիոյ կամ որեւէ այլ կողմի մեր գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան հարցին միջամտութիւնը չենք հանդուրժեր»:
Անդրադառնալով ուքրանական տագնապին` իրանեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Թեհրանի դիրքորոշումը Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան կողքին է:


