Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով Եւ Ֆիտան Հեռաձայնով Քննարկած Են Հացահատիկի Գործարքի Խնդիրը

July 19, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Հաքան Ֆիտան հեռաձայնով քննարկած են հացահատիկի գործարքը շարունակելու կարելիութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ անանուն աշխատակիցը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ նախարարներու զրոյցի ընթացքին անդրադարձ եղած է հացահատիկի փոխադրման պոլսական գործարքին եւ անտառային հրդեհներու դէմ պայքարին մէջ կիրարկուող ռուսական մեծ օդանաւեր գնելու կարելիութեան:

«Սփութնիք Արապի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւ անոր թուրք պաշտօնակիցը քննարկած են «Հացահատիկի գործարք»-ի աւարտէն ետք, կարիքաւոր երկիրներուն հացահատիկի մատակարարման այլընտրանքները:

Փեսքով. «Փութինի Աշխատանքային Օրակարգին Վրայ
Էրտողանի Հետ Հանդիպում Տակաւին Նախատեսուած Չէ»

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ըսած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի աշխատանքային օրակարգին վրայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպում տակաւին նախատեսուած չէ:

«Ոչ, նման բան տակաւին չկայ», ըսած է Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք երկու երկիրներու ղեկավարները մտադի՞ր են հանդիպիլ եւ քննարկել հացահատիկի գործարքի ժամկէտը չերկարաձգելու Մոսկուայի որոշումը:

Էրտողան մէկ օր առաջ ըսած էր, որ կ՛ուզէ հարցը քննարկել Փութինի հետ անմիջապէս, որ Արաբական ծոցի երկիրներ իր շրջապտոյտը աւարտէ:

 

Նախորդը

Սէյրան Նիկողոսեան. «Մտադիր Ենք 6 Մարզիկ Ներկայացնել` Պաքուի Մէջ Տեղի Ունենալիք Աշխարհի Նշանառութեան Ախոյեանութեան»

Յաջորդը

Ապտոլլահեան. «Թեհրան Ռուսիոյ Կամ Որեւէ Այլ Երկրի` Իրանի Տարածքային Ամբողջականութեան Հարցին Միջամտութիւնը Չի Հանդուրժեր»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.