Ռուսիան պէտք է իմանայ, որ դրացիներու հետ Իրանի համագործակցութիւնը կախեալ է Իրանի ժողովուրդի կարմիր գիծերու, որոնց շարքին` գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգումէն: «Մեհր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի նախագահ Պաղեր Քալիպաֆ:
«Իրանի խորհրդարանը կտրականապէս կը մերժէ Պարսից ծոցին մէջ իրանեան երեք կղզիներու վերաբերեալ Ռուսիոյ եւ Պարսից ծոցի արաբական երկիրներու միջեւ ռազմավարական երկխօսութեան նախարարական հանդիպումին արդիւնքներով միացեալ յայտարարութեան բովանդակութիւնը», յայտարարած է Քալիպաֆ:
Խօսքը փաստաթուղթին մէջ նշուած Արաբական ծոցի երեք կղզիներու մասին է, որոնց Իրանին տարածքային պատկանելիութիւնը կը վիճարկուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ:
«Իրանի բոլոր օրինական կառավարութիւններուն հետ համագործակցութիւնը հիմնուած է ազգային շահերու վրայ, ինչպէս նաեւ պատիւի, նպատակայարմարութեան եւ իմաստութեան երեք սկզբունքներու համապատասխանութեան վրայ», ըսած է Քալիպաֆ:
«Բայց եւ այնպէս, Ռուսիան պէտք է իմանայ, որ դրացիներու հետ Իրանի համագործակցութիւնը կախեալ է Իրանի ժողովուրդի կարմիր գիծերու յարգումէն, ներառեալ Պարսից ծոցի երեք կղզիներու տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը», ըսած է ան:
«Իրանի տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանուած է հարիւր հազարաւոր իրանցի նահատակներու զոհաբերութեամբ, եւ մենք այս հարցին մէջ որեւէ կողմի զիջումներ պիտի չկատարենք», նշած է Քալիպաֆ:
Նշելով, որ Ռուսիան ինք Արեւմուտքի եւ ՕԹԱՆ-ի աշխարհաքաղաքական ընդլայնման զոհն է, Քալիպաֆ շեշտած է, որ Մոսկուան պէտք չէ Արեւմուտքին օգնէ ապակայունացնելու Արաբական ծոցի շրջանը: