Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, անդրադառնալով Ֆրանսայի` Ուքրանիոյ հեռահաս «ՍՔԱԼՓ» հրթիռներ մատակարարելու որոշումին, նշեց. «Հակառակ այս սպառնալիքի դիմակայման Ռուսիոյ յստակ կարողութեան, ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ այսպիսի միջոցառումները ուքրանական տագնապը դէպի մագլցում մղելու դիտաւորեալ յաւելեալ քայլ մըն են»:
Ան ըսաւ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն «Միացեալ Նահանգներէն ետ չի մնար»` նշելով. «Այս տիպի զէնքը ֆրանսական տարբերակն է բրիտանական «Սթորմ Շատօ» թեւաւոր հրթիռներուն, որոնք ռուսական օդային պաշտպանութեան համակարգերը յաջողութեամբ վար առին, եւ ռուսական ռազմարդիւնաբերութեան մասնագէտներուն կողմէ կ՛ուսումնասիրուին»:
Մաքրոն Վիլնիուսի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովէն առաջ յայտարարած էր, որ Ֆրանսա որոշած է Քիեւին մատակարարել հեռահար նոր հրթիռներ, որոնք ուքրանական զինեալ ուժերուն կ՛արտօնեն «(ռուսական) խորքին հարուածներ» հասցնել:


