Արեւմտեան երկիրները պիտի ուզէին երախտագիտութեան խօսքեր լսել Ուքրանիայէն զէնքի եւ սպառազինութեան մատակարարման համար: Այս մասին յայտարարած է Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պեն Ուոլըս:
Ըստ անոր, իրենք փոխարէնը Քիեւէն քննադատութիւն կը լսեն այն բանի համար, որ ՕԹԱՆ-ի երկիրները մերժած են արագացուած ընթացակարգով Ուքրանիան ընդունիլ դաշինք:
«Ձեզի հաճելի կու գայ, թէ ոչ, մարդիկ կ՛ուզեն քիչ մը երախտագիտութիւն տեսնել: Երբեմն դուք երկիրներէն կը խնդրէք հրաժարիլ զէնքի սեփական պաշարներէն», ըսած է Ուոլըս` Վիլնիուսի մէջ ՕԹԱՆ-ի հրապարակային համախմբումի ժամանակ:
Նախարարը յիշեցուցած է, որ անցեալ տարի Ուքրանիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին այդ երկրին իշխանութիւնները իրեն տրամադրած են ուքրանական զինեալ ուժերուն անհրաժեշտ սպառազինութիւններու ցուցակ, որ յիշեցուցած է խանութ երթալու մասին:
«Գիտէ՞ք, մենք «Ամազոն»-ը չենք: Ես ատիկա անոնց ըսած եմ անցեալ տարի, երբ 11 ժամ ինքնաշարժ վարեցի, որ ինծի յանձնեն ցուցակը», աւելցուցած է Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարը:
«Պլումպըրկ» կը գրէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի երեքշաբթի երեկոյեան ՕԹԱՆ-ի ղեկավարներու հետ հանդիպումէն առաջ ջղայնացած էր: Նոյն օրը, Ուքրանիոյ նախագահին զայրացուցած էր իր երկրին անդամակցութեան յստակ ժամանակացոյց տալու, անոր բնորոշումով, «անհեթեթ» դժկամութիւնը:
Այդ պոռթկումը, իր կարգին, զայրացուցած էր պաշտօնակիցները, որոնք միլիառաւոր տոլարներու զէնք եւ օգնութիւն տրամադրած են Ուքրանիան ռուսական ներխուժումէն պաշտպանելու համար: Ընկերային ցանցերու ճամբով Զելենսքիի յարձակումէն առաջ Միացեալ Նահանգներուն որեւէ նախազգուշացում չէր կատարուած:
Վիլնիուսի մէջ ընթրիքի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն վերադարձած է պանդոկ, իսկ միւս երկիրներու ղեկավարները Զելենսքիին յստակ ուղերձ յղած են: Այս մասին «Պլումպըրկ»-ին յայտնած է ներկաներէն մէկը:
Զելենսքիին ըսուած է` պէտք է հանդարտիս եւ ամբողջ պատկերը տեսնես: Ընդհանուր առմամբ` «Եօթներու խմբակ»-ի երկիրները անոր վերահաստատած են հաւանական անդամակցութեան վճռականութիւնը եւ անվտանգութեան նոր երաշխիքներ տրամադրած են:
Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պեն Ուոլըս իր յայտարարութիւնը յաջորդ առաւօտ կատարած է:
Քուլիսային վիճաբանութեան մասին այս հաղորդումը հիմնուած է վկայութիւններուն վրայ վեհաժողովի աշխատանքներուն մասնակից տասնեակէ աւելի դիւանագէտներու եւ պաշտօնատարներու, որոնք առանձին զրոյցներու ընթացքին ուզած են անանուն մնալ:
ՕԹԱՆ-ի ղեկավարները Վիլնիուս հասնելնուն պէս կը փորձէին լուծել Ուքրանիոյ անդամակցութեան հարցին մէջ գոյութիւն ունեցող հակասութիւնները: Անոնք կը փնտռէին այնպիսի ձեւակերպումներ, որոնք նման պիտի ըլլային յառաջխաղացման, եւ Ուքրանիան կրնար զանոնք ներկայացնել իբրեւ յառաջընթաց, սակայն մեծ հաշուով զիրենք որեւէ ձեւով չէին մօտեցներ Ռուսիոյ հետ հիւլէական պատերազմի մէջ ներքաշուելուն:
«Նիւ Եորք Թայմզ» իր կարգին, յղում կատարելով անանուն աղբիւրի մը հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ նախագահը սպառնացած է չգալ Ուքրանիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի առաջին նիստին:
Օրաթերթին տուեալներով` Զելենսքին եւ անոր արեւելեան եւրոպական գործընկերները ՕԹԱՆ-ի վիլնիուսեան վեհաժողովէն «աւելին կը սպասէին», մասնաւորաբար Ուքրանիոյ` դաշինքին անդամակցութեան որոշակի ժամկէտ: Դաշինքի դիրքորոշումը զայրացուցած է Ուքրանիոյ նախագահը:
«Հակառակ անոր որ չորեքշաբթի ան մեղմացուցած էր իր հրապարակային արտայայտութիւնները, սակայն երեքշաբթի երեկոյեան կը սպառնար չներկայանալ Ուքրանիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի առաջին նիստին», գրած է օրաթերթը:
Զելենսքի քննադատած է Ուքրանիոյ վերաբերեալ ՕԹԱՆ-ի ձեւակերպումներուն անորոշութիւնը: Անոր կարծիքով` դաշնակիցները, հաւանաբար, ո՛չ Ուքրանիան ՕԹԱՆ հրաւիրելու, ո՛չ ալ զայն դաշինքի անդամ դարձնելու պատրաստ են: Ան անհեթեթ կոչած է նաեւ այն աննախադէպ կացութիւնը, երբ չկան որոշակի ժամկէտներ ո՛չ մէկին, ո՛չ ալ միւսին համար:
Զելենսքիի քննադատութիւնը զայրացուցած է ամերիկեան պատուիրակութիւնը: