Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Մոսկուան Քիեւին «Էֆ-16»-ներու Փոխանցումը Իբրեւ Հիւլէական Ոլորտին Մէջ Արեւմուտքի Սպառնալիք Պիտի Նկատէ»

July 14, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն «ԷՖ-16» հալածիչներու փոխանցումը Ռուսիոյ կողմէ իբրեւ հիւլէական ոլորտին մէջ Արեւմուտքի սպառնալիք պիտի նկատուի: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ռուսական «Լենթա» առցանց հրատարակութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Միացեալ Նահանգներն ու անոնց ՕԹԱՆ-եան արբանեակները կը ստեղծեն Ռուսիոյ հետ անմիջական զինեալ բախումի վտանգ, եւ ատիկա յղի է աղէտալի հետեւանքներով», ըսած է Լաւրով:

«Չափազանց վտանգաւոր զարգացման ընդամէնը մէկ օրինակ` Միացեալ Նահանգներու ծրագիրները Քիեւի վարչակարգին «ԷՖ-16» հալածիչներ փոխանցելու: Մենք հիւլէական ուժերուն` Միացեալ Նահանգներուն, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսային տեղեկացուցած ենք, որ Ռուսիան չի կրնար անտեսել այդ օդանաւերու հիւլէական զէնք կրելու կարելիութիւնը: Այստեղ ոչ մէկ հաւաստում պիտի օգնէ», նշած է Լաւրով:

Անոր համաձայն, զինուորական գործողութիւններու ընթացքին ռուս զինուորները պիտի չգիտնան` նշեալ տիպի իւրաքանչիւր օդանաւ հիւլէական զէնք կը կրէ՞, թէ՞ ոչ:

«Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն մէջ նման համակարգերու յայտնուելու փաստը մեր կողմէ պիտի նկատուի իբրեւ հիւլէական ոլորտին մէջ Արեւմուտքի սպառնալիք», ընդգծած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Միւս կողմէ, Լաւրով Ճաքարթայի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիտ Էրտողանի հետ քննարկած է «Հացահատիկի գործարք»-ը` նշելով, որ ինք հացահատիկի արտածման վերաբերեալ նոր առաջարկներ չէ լսած եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է հակառակ արեւմտեան պատժամիջոցներուն հացահատիկ արտածելու կարիքաւոր երկիրներուն:

 

Նախորդը

Մարիա Գէորգեան` Ասիոյ Աթլեթի Ֆետերասիոնի Կիներու Յանձնախումբի Անդամ

Յաջորդը

Զելենսքի Զայրացած Ու Սպառնացած Է. «Մարդիկ Կ՛ուզեն Քիչ Մը Երախտագիտութիւն Տեսնել. Մենք «Ամազոն»-ը Չենք» Ուքրանիոյ Ղեկավարութեան Կ՛ըսէ Ուոլըս

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.