Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Եթէ Անցեալ Տարուան Հոկտեմբերին Հայաստանը Ազրպէյճանի Սահմանները Ճանչցաւ, Ապա Այս Տարուան Մայիսին Աւելի Հեռուն Գնաց»

July 13, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր դիրքորոշումը խաղաղութեան բանակցութիւններուն վերաբերեալ յստակ է, տրամաբանական, հիմնուած միջազգային օրէնքին վրայ: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ առաջին կիսամեակի` երկրի ընկերատնտեսական զարգացման արդիւնքներուն նուիրուած հանդիպումի ընթացքին:

«Ես կը կարծեմ, որ այս սկզբունքներուն հիման վրայ, միջազգային օրէնքի արժեչափերուն ու սկզբունքներուն հիման վրայ կարելի է խաղաղութեան պայմանագիր կնքել: Ամէն պարագայի, կը կարծեմ, որ նման կարելիութիւններ կան», ըսած է Ալիեւ:

Ազրպէյճանի ղեկավարը նշած է, որ քանի մը օրէն ծրագրուած բանակցութիւններու վերջին փուլերն ու բարձր մակարդակի հաղորդակցութիւնները նպատակ ունին առաւել եւս մօտենալու խաղաղութեան համաձայնագիրին:

«Մենք ասիկա կ՛ուզենք, այս նախաձեռնութիւնը յառաջ կը քաշենք: Սակայն, դարձեալ կ՛ըսեմ, ամէն ինչ չէ, որ կախեալ է մեզմէ, հակառակ կողմը նոյնպէս պէտք է պատրաստ ըլլայ ատոր եւ պէտք է թուղթին փոխանցէ բառերով ըսուած սկզբունքները», ըսած է Ալիեւ:

Ընդգծելով Հայաստանի դիրքորոշման դրական յառաջընթացը` Իլհամ Ալիեւ նշած է. «Եթէ անցեալ տարուան հոկտեմբերին ան (Հայաստանը, «Ա.») ճանչցաւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ սահմանները, ապա այս տարուան մայիսին աւելի հեռուն գնաց` պաշտօնապէս ճանչնալով Ազրպէյճանի տարածքի, ներառեալ Ղարաբաղի եւ միջերկիր գիւղերու շրջագիծերը: Ասիկա պէտք է դիտարկել իբրեւ դրական փաստ: Հիմա եկած է ժամանակը, որ այս նոյն խօսքերը ամրագրուին թուղթի վրայ, ստորագրութիւններ դրուին, յարաբերութիւններ հաստատուին: Ամէն պարագայի, մենք պիտի շարունակենք այս ուղղութեամբ մեր ջանքերը», աւելցուցած է Ազրպէյճանի ղեկավարը:

Նախորդը

Մինչ Լը Տըրիան Կը Շարունակէ Քննել Լիբանանեան Թղթածրարը, Լիբանան Կը Շարունակէ Մնալ Տարբեր Ալիքի Վրայ

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանային Յանձնախումբերու Չորրորդ Հանդիպումը Տեղի Ունեցաւ

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.