Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոմիութիւնը Կրնա՞յ Հանդուրժել Թուրքիոյ Անդամակցութիւնը

Յուլիս 12, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ

Էրտողան, ըլլալով քաղաքականութեան մէջ թրծուած վեթերան մը, ըստ երեւոյթին շատ ալ լաւ գիտէ, որ Եւրոպական միութիւնը, կամենայ ալ, չի կրնար ընդունիլ Թուրքիան իր կազմին մէջ, այնքան ժամանակ, որ չի հրաժարիր իր հիմնական գաղափարախօսութենէն։

Եւ հիմնական պատճառը ո՛չ կրօնական է, ոչ ալ Թուրքիոյ բնակչութեան թիւէն մտավախութիւնը, թէեւ անոնք ալ կրնան հաշուի առնուիլ։

Արդարեւ՝ մինչ Թուրքիան իր բնոյթով եւ վարքով մնացած է անցած հարիւրամեակներու օսմանա-թուրքա-թուրանա-իսլամական կայսերապաշտութեան գերին, Եւրոպան համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք կարծես վերջնականապէս փակած է ցամաքամասէն ներս հողային նուաճումներու ձգտելու դարաշրջանը։

Մինչդեռ ՆԱԹՕ-ն ստեղծուեցաւ համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, դիմագրաւելու նոյնքան հիւանդագին անցեալապաշութեան գերի ռուսական եւրոպական ցամաքամասային կայսերապաշտութեան։

Թուրքիա՝ ՆԱԹՕ-ի ստեղծման օրերուն, օգտուեցաւ այդ հանգամանքէն եւ Ուխտի անդամ դարձաւ։

Մօտ ութսուն տարի ետք, անտրամաբանական է Եւրոպայի համար, որ անդամակցութիւն եւ այլ իրաւունքներ շնորհէ պետութեան մը, որ գրաւած է ԵՄ անդամ Կիպրոսի հիւսիսը, մշտապէս կը սպառնայ Յունաստանի գերիշխանութեան, աւելին՝ հարիւր եւ աւելի տարիէ աւելի գրաւման տակ կը պահէ իրաւականօրէն Հայաստանի պատկանող Արեւմտահայաստանի հողերը եւ չի ընդունիր հայոց եւ այլ ազգեր ցեղասպանած ըլլալու իրողութիւնը։

ԵՄ գերազանցապէս տնտեսական եւ քաղաքական համարկման հետամուտ ըլլալով, վերջնականապէս փակած է իր համար ներանդամական հողային նկրտումներու էջը, մինչդեռ Թուրքիա ոչ միայն իր պատմական պարտքերը չէ փակած, այլեւ կը սպառնայ նոր հաշիւներ բանալ ու չփակել։

Այս իմաստով գլխացաւանք է Անգարան։ Եւ մեղք են մեր թրքահայ ազգակիցները, որոնք կը յուսան որ Թուրքիան օր մը կը փոխուի, այլատեաց ֆաշիստական իր բնոյթը կը փոխէ։

Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ Թուրքիա ինքնին հաստատուած է ցեղասպանութեան եւ գերուած ազգերը ոչնչացնելու եւ անոնց հայրենիքներուն տիրանալու երկա՜ր պատմութեան մը վրայ։ Բնոյթ փոխել իր համար կը նշանակէ անէանալ, նկարագիր փոխել, չըլլալ այն ինչ որ էր։

Եւ բնական է, Թուրքիա նախքան նման քայլ առնելը պէտք է պատրաստէ այլընտրանք գաղափարախօսութիւնը, որուն հեռուէն՝ հպանցիկ մօտեցողներուն իսկ կը հալածէ։

Եւրոպայի համար Թուրքիա գաղափարախօսականօրէն հաւասար է արդի Ռուսիոյ։ Ցամաքամասային աշխարհակալութեան անխոնջ հետամուտ, որ անկարող է այլապէս մրցակցութեան դուրս գալ իր մօտիկ ու հեռաւոր դրացիներուն հետ։ Եւ եթէ քիչ մըն ալ առաջ տանինք մեր մօտեցումը, պիտի տեսնենք ռուս-թուրք կամ Լենին-Աթաթուրք, իսկ այսօր՝ ժամանակ առ ժամանակ կիզող Փութին-Էրտողան եղբայրութեան գաղափարախօսական եւ բնաւորութեան հանգիտութիւնները։ Չեմ անտեսեր նաեւ Իսրայէլը։

Եթէ ՆԱԹՕ այսօր կը պայքարի Ռուսիոյ ուքրանական նկրտումները զսպել, հեգնական է, որ դաշնակիցներու շարքին է Թուրքիան, որ ոչ մէկ բանով կը տարբերի ներկայի յայտարարուած ախոյեանէն։

Թուրքիոյ առաւելութիւնն այն է, որ աւելի ճկուն է մարտավարական կեցուածքներ փոխելու մէջ, զանոնք ծառայեցնելով ռազմավարական իր նպատակներուն։

Մենք ոչ ԵՄ-ական ենք, ոչ ՆԱԹՕ-ական, ու պէտք չէ ալ ըլլանք։ Բոլորը իրենց շահերու հաշուարկը մեկնակէտ ունին, իսկ անդամակցիլ՝ կը նշանակէ պարտաւոութիւններ ստանձնել, որոնք կրնան ազգային մեր շահերուն չծառայել։ Միաժամանակ՝ պէտք չէ կամովին կուրանալ եւ չտեսնել հանգիտութիւնները եւ տարբերութիւնները, ով ի՞նչ կ’ըսէ եւ ինչ կը մտածէ բացայայտ թէ ծածուկ։

Մեզի պարտադրուած է ՀԱՊԿ-ական, ԵԱՏՄ-ական ըլլալ, այլապէս՝ կամովին պիտի չնախընտրէինք։ Սակայն չունենալով սեփական ուղղութիւնը եւ չհոգալով զայն ամրացնող գաղափարախօսական, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, գիտական եւ արդիւնաբերական կուռ համակարգի գէթ տեսական ուրուագծման մասին, փոխանակ խաղացողի դարձած ենք խաղագնդակ։ Պարտադրուած թէ ոչ՝ իրողութիւն է։

Թող ոչ ոք, նոյնիսկ թուրքերն ու ռուսերը, չվիրաւորուին․ իրենք այն են՝ ինչ եղած են ու կան եւ կը յամառին մնալ։

Մինչեւ ե՞րբ։

Այս մասին կ’արժէ լայն կարկին վերցնել եւ անդրադառնալ՝ օղակ առ օղակ։

Պէ՛տք է անդրադառնալ, եւ այս «պէ՛տք»էն չեմ առանձնաշնորհում չէ։ Այլապէս լուծումներ չեն գտնուիր ու դերեր չեն բաշխուիր, իսկ երկիր ու ժողովուրդ, ո՛չ միայն սփիւռք(ներ) կը շարունակեն ՄԱՇԻԼ։

«Յուսաբեր», 11 Յուլիս 2023

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 12 Յուլիս 2023)

Յաջորդը

Անդրադարձ. «Ղարաբաղեան Հարցը Եւ Միջազգային Հակամարտութիւններուն Բնոյթը» ու «Հարաւային Կովկասի Մէջ Նոր Ուժային Եռանկիւն Կը Կազմուի»

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?