Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Արեւմուտքի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները կ՛ուղղուին «դէպի առաւելագոյն ժխտական բեմագրութիւն»` ՕԹԱՆ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ ճակատում:
«Ամերիկեան տեղեկատուական անջրպետի մէջ մթնոլորտը ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի նախօրեակին լարուած դարձաւ», ըսաւ Ռուսիոյ դեսպանը:
«Վիլնիուսի մէջ գումարուող ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը կ՛ուզէ հասարակական կարծիքին ստիպել ընդունիլ Ռուսիոյ դէմ եղող որեւէ որոշում», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Այդ որոշումները պիտի որդեգրուին յառաջիկայ օրերուն»:
Անթոնով ըսաւ, որ դէպի Ուքրանիա արեւմտեան զէնքերու հոսքը պիտի չազդէ Ռուսիոյ զինուորական յատուկ գործողութեան նպատակներուն իրագործման վրայ: Այս գործողութեան «նպատակը Ռուսիոյ անվտանգութեան սպառնալիքներուն վերջ տալն է, ներառեալ նացիականութիւնը, որ Ուքրանիոյ մէջ տարածուեցաւ»:


