Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրոցաշէն Մեծանուն Բարերար Գէորգ Արապեանի Թարմ Յիշատակին

Յուլիս 11, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

«Զիս բարերար մի կոչէք… Հայ պատկանելիութեան տուրքս է, որ կը վճարեմ` մեսրոպեան գանձանակին նուէր մը ձգելով»:

Այս ոգին կ՛արտայայտէր գաւաթ մը սուրճի շուրջ, երբ օր մը Փարիզ կը գտնուէր, եւ նստած էինք իր իջեւանած պանդոկին կողքի սրճարանին մէջ:

Մեր օրերու աննման բարերարներէն մէկն է Գէորգ Արապեան: Պէյրութ ծնած, Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ վարժարանը յաճախած, ապա գործի ասպարէզ նետուած: Ի վերուստ տրուած էր իրեն առեւտրականի տաղանդը: Իր եղբօր` Բիւզանդ Արապեանի պէս, ուսումը չէր շարունակած փարիզեան համալսարաններու մէջ:

– Իմ համալսարանս, սրբազա՛ն,- կ՛ըսէր օր մը,- շուկան եղաւ:

Բայց հայ մշակոյթի հարուստ եւ լայն պաշար ունէր, եւ յաճախ մտաւորականի պէս կ՛արտայայտէր իր միտքերը` գրական ընտրուած բառերով:

Պարոն Գէորգ Արապեան կը համարուի երանելի այն մարդոցմէ, որոնք վիշտերու մէջ սիրել գիտեն: Վսեմ էր հոգին, որովհետեւ այս լոյսին տակ կը դիտէր աշխարհի իրերը: Մանաւա՛նդ` հայ աշխարհի: Սիրել եւ մեծարել գիտէր ընտանեկան սրբութիւնները: Պաշտելու չափ կը սիրէր հայրն ու մայրը: Պէյրութ ծնած ըլլալով, աքսոր չէր տեսած, բայց վիշտերու մէջ սիրել գիտցող այս հայորդին կը տառապէր իր սիրելիներուն աքսորի ճամբուն վրայ կրած դառն տարիներու պատմութեամբ եւ աքսոր տեսածի պէս կը ցաւակցէր` միանալով անոնց անցեալի ցաւին: Քանի՜, քանի՜ անգամներ պատմած է իր ծնողաց եւ ազգականներուն Եփրատ գետի եզերքին, աւազներու վրայ լարուած վրաններու տակ անցուցած տառապալից եւ դժբախտ երկար ամիսներու կեցութեան մասին: Յաւերժացնելու համար անոնց յիշատակը, պղինձի մը վրայ գեղեցկօրէն քանդակել տուաւ խոշոր քարտէս մը, ուր ընդգծուած է աքսորի այն ճամբան, ուրկէ անցած են իր սիրելիները: Պղնձեայ այդ քանդակը որմնանկարի մը պէս տեղադրուած է իր անուամբ դպրոցին ճաշասրահի պատին վրայ:

Պարոն Արապեանին այլ յատկանիշերէն մէկն ալ անմիջականութիւնն էր: Զարմացուց շատերս: Դպրոցաշէն այս մեծ բարերարը ծանօթ չէր ֆրանսահայութեան հակառակ անոր որ տարիներ շարունակ ապրած էր Փարիզի մերձակայ արուարձաններէն` Պուրկ լա Ռենի մէջ: Յայտնութիւն մը եղաւ ֆրանսահայութեան, շնորհիւ համայնքի հանրածանօթ եւ յարգուած դէմքերէն` ողբացեալ Կարպիս Ջրբաշեանին, որ բարեհաճեցաւ Ալֆորվիլի դպրոցին ի նպաստ, նորակառոյց շէնքով մը օժտելու ծրագիրը ներկայացնել պարոն Արապեանին: Գաղափարին սիրով ընդառաջելէ ետք, պարոն Արապեան, մինչ այդ, որեւէ պայմանագիր ստորագրած չըլլալով, աւելի քան մէկ միլիոն եւրոյի գումար մը անմիջապէս փոխանցեց, «ԱՓՔԱՖ» կազմակերպութեան, որուն գանձապահն էր պարոն Ջրբաշեան: Խօսքը գործ էր պարոն Արապեանին համար: Զարմացնելու աստիճան անմիջական եղաւ ան, ինչպէս կ՛ըլլան խօսքի վստահութեան հաւատացողները:

Չունէր յաւակնութիւնը բարերարի առանձնաշնորհեալ համբաւին.

– Սրբազա՛ն,- կ՛ըսէր օր մը,- ֆրանսահայութիւնը Լիբանանէն բարերար փնտռելու կարիք չունի, շա՜տ են յաջողածները ձեր համայնքին մէջ… Ընդառաջեցի ծրագիրին, որովհետեւ ուզեցի նաեւ օրինակ ըլլալ, որ Ֆրանսայի համար Լիբանանէն չէ, որ պէտք է գայ բարերարը:

Այսօր, պարոն Գէորգ Արապեան, Սէն գետի ափին բարձրացած, կոթողային, գեղեցիկ, Ալֆորվիլ քաղաքի երկու կառոյցներով եւ Վալանսի պալատանման դպրոցով, արդարօրէն ֆրանսահայութեան օրինակելի բարերարը կը նկատուի:

Սուգի մէջ են դպրոցաշէն այս մեծ բարերարին համակիրները:

Մինչ յուլիս 4-ին, Այնճարի մէջ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն տակ, կը կատարուէր յուղարկաւորութեան կարգը ողբացեալ Գէորգ Արապեանին, Ալֆորվիլի մէջ, իր անուամբ վարժարանի հարիւրաւոր աշակերտները, յոտնկայս մէկ վայրկեանի լռութեամբ կը յարգէին իրենց սիրելի բարերարին յիշատակը:

Իսկ ի՜նչ տարօրինակ զուգադիպութիւն…

2015 յուլիս 4-ին, Ֆրանսայի եւ Հայաստանի հանրապետութեանց վարչապետներուն, նախարարներու, երեսփոխաններու, Ալֆորվիլի քաղաքապետին, Հայ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ հազարաւոր բազմութեան մը ներկայութեան, բարերար Գէորգ Արապեան նորաշէն դպրոցի բացման արարողութեան խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը կը մկրատէր: Այդ օր բոլորիս համար, մանաւանդ պարոն Արապեանին, ցնծութեան, կարծես հարսանեկան ուրախութեան օր էր: Աշխարհի զանազան երկիրներէ բարերարին ազգականական պարագաները փութացած էին Ալֆորվիլ` ներկայ գտնուելու պատմական, բացառիկ այդ օրուան եւ հպարտ էին անոնք իրենց ազգականով:

Ութ տարի ետք, նոյն օրը` յուլիս 4-ին, այս անգամ արցունքոտ աչքերով յուղարկաւորներն ենք սիրելի պարոն Արապեանին: Կը սգանք իր կորուստը: Կրկնակի կը տխրինք, որովհետեւ համաճարակի վաղորդայնին առողջական պատճառներով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ Վալանսի «Գէորգ Արապեան» վարժարանի բացման, մինչ լիազօրած էր իր սիրելիներէն` երիտասարդ Հայկ Քէշիշեանը, որ զինք ներկայացնէ, հակառակ ասոր, վերջերս տրամադրութիւն ցոյց կու տար ներկայ գտնուելու Ալֆորվիլի մանկապարտէզի բացման: Աւա՜ղ, մահը խլեց իրմէ այս վերջին հաճոյքը, ինչպէս մեզ ալ զրկեց իր ներկայութիւնը վայելելու վերջին ուրախութենէն:

Պարոն Արապեան հազուագիւտ մարդ մըն էր: Հասարակային առաքինութիւններ ունէր: Իր առողջութեան, հարստութեան, անձին եւ գործերուն հոգ կը տանէր: Սթափ, զուարթ, խաղաղասէր եւ համբերող բարի մարդ էր, թոյլ թող տրուի ինձ ըսելու` բարի իշխան մը:

Լսողը կը զարմանար… Պուրճ Համուտի Հայ ծերանոցի համեստ պայմաններուն մէջ կ՛ապրէր այս մեծ նուիրատուն: Հանելուկ մըն էր շատերու համար: Բայց անոնք, որոնք կը հասկնային, թէ ի՛նչ ըսել է հասարակային առաքինութեան տէր անձնաւորութիւն մը ըլլալը, անոնք կրկնապէս կը գնահատէին եւ ընդհակառակը այդ համեստութեան մէջ կը տեսնէին իշխանական վայելչութիւն մը իր մէջ: Իր հարստութիւնը քաղքենիներուն ցոյց տուող, ինքնագով մարդը չէր, իշխանական նուիրատուութիւններով բաւարարուող մեծահարուստն էր: Կ՛արհամարհէր մսխումը` անպէտք հաճոյքներու վրայ վատնուած: Իր անհատական բուն արժէքին վստահելու լրջմտութիւնը ունէր: Անոնք, որոնք համեստ կեցութիւնը ժլատութեան վերագրեցին, չարաչար սխալեցան, որովհետեւ իրապէս, պարոն Արապեան այն խնայասէրներէն մէկն էր, որ իր հաճոյքին կամ պարտաւորութեան համար դիւրութեամբ չէր վատներ իր ստակը: Մինչ առատօրէն կը բաշխէր իր ընտանիքին, մարդասիրական հայ կազմակերպութիւններու, աւելորդ է ըսել, հայ դպրոցին եւ հայոց լեզուին:

Տարիներ շարունակ գնաց Պոլիս, տեղւոյն հայկական մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, դպրոցներուն օգնութիւն բաշխելու: «Մարմարա», «Ժամանակ» թերթերը կը վկայեն ի բարերարութիւններու մասին: Նոյնպէս, Լիբանանի մէջ, ինչպէս «Ազդակ» օրաթերթը կը գրէր իր մահուան առթիւ, Այնճարի Յառաջ, Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի մանկապարտէզի հիմնական նորոգութեան ատեն, կարեւոր գումարով մը բարերարը դարձաւ:

Իրերը դատելու աչք ունէր: Հետաքրքրութիւնը չէր սահմանափակուեր շինարարական աշխատանքներու արդիւնքները իմանալով, մօտէն կը հետեւէր հայերէն լեզուի ուսուցման հարցով: Քանի՜, քանի՜ անգամներ գաղտնաբար այցելած էր դասարանները, ստուգելու համար հայերէնի ուսուցման մակարդակը: Նոյնիսկ Իսի լէ Մուլինոյի Թարգմանչաց Համազգային վարժարան գացած էր օր մը, գիտնալու համար այնտեղի հայերէնի մակարդակը, բաղդատելու համար Ալֆորվիլին հետ: Երբեմն գոհ, երբեմն դժգոհ, մարդոց տուած տեղեկութիւններուն ուշադրութիւն չէր դարձներ, կ՛ուզէր անձամբ ճանչնալ: Դատելու համար պէտք ունէր տեսնելու:

Ահա այսպիսի մէկն էր Գէորգ Արապեան, որ այսօր երեւելի բարերարներու կարգին կը դասուի եւ Ֆրանսայի հայոց պատմութեան մէջ պիտի յիշուի իբրեւ կրթական ոլորտի ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԲԱՐԵՐԱՐ:

Այո՛, կը բացակայի…

Բայց չի մեռնիր…

Փարիզ, 10 յուլիս 2023

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 11 Յուլիս 2023)

Յաջորդը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Կաթողիկոս Ընդունեց Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանը

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?