
Խուրշիտպանու Նաթաւան`
Ղարաբաղի Խանական Տան Պետ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ռուսական կայսրութեան կազմէն ներս 1844¬ին կազմաւորուեցաւ Կովկասի փոխարքայութիւնը, եւ իշխան Միխայիլ Վորոնցով եղաւ առաջին փոխարքան:
Կովկասի փոխարքայութեան կառավարման համակարգը` փոխարքայի խորհուրդը եւ գրասենեակը, ձեւաւորուեցան 1846¬ին:
Փոխարքան անսահմանափակ լիազօրութիւններով օժտուած էր. անոր ենթակայ էին ոստիկանական եւ հաղորդակցութեան ճանապարհներու ապահովութեան պետերը: Ան նաեւ կովկասեան զօրքերու հրամանատարն էր:
Կովկասի փոխարքայութիւնը կ՛ընդգրկէր Ստաւրոպոլի նահանգը (կեդրոնը` Ստաւրոպոլ), Դերբենդի նահանգը (հետագային վերանուանուեցաւ Տաղստանի մարզ. կեդրոնը` Թեմիր խան Շուրա), Թերեքի եւ Քուպանի մարզերը (հետագային անոր միացաւ Սեւծովեան մարզը), Թիֆլիսի եւ Քութայիսի նահանգները (նախապէս` վրաց-իմերեթական մարզ), Երեւանի նահանգը (Երեւան, Էջմիածին, Ալեքսանդրապոլ, Նախիջեւան, Նոր Բայազիտ, Շարուր-Դարալագեազ եւ Սուրմալու գաւառներ), Պաքուի նահանգը (Պաքու, Կէօքչա, Ջաւադ, Ղուբա, Լենքորան եւ Շամախի գաւառներ), եւ Ելիզաւետպոլի նահանգը (Ելիզաւետպոլ, Արէշ, Զանգեզուր, Ղազախ, Նուխի, Շուշի, Ջիբրայիլ եւ Ջեւանշիր գաւառներ):
Նահանգները կը գլխաւորէին զինուորական նահանգապետերը: Կովկասեան բանակը վերակազմուեցաւ եւ ստեղծուեցաւ գլխաւոր սպայակոյտ:
* * *
Փոխարքայ իշխան Միխայիլ Վորոնցովի հրահանգուած եւ լուծման կարօտ առաջնահերթ խնդիրներէն էր թուրք¬թաթար աղաներու եւ բէկերու հարցը:
Փոխարքային յանձնարարութեամբ անոր օգնական զօրավար Լադինսկի զբաղեցաւ յիշեալ հարցի ուսումնասիրութեամբ եւ համապատասխան զեկուցագիր ներկայացուց:
Լադինսկի կը գտնէր, որ բէկերն ու աղաները իրենց վարչութեան յանձնուած գիւղերու ժառանգական կալուածատէրները եղած են եւ նոյնիսկ օժտուած այնպիսի իրաւասութիւններով, ինչպէս օժտուած են վրացի կալուածատէրերը, միայն այն տարբերութեամբ, որ ժառանգական սեփականութեան սկզբունքը աղաներու եւ բէկերու պարագային անվիճելի չէ եղած:
Լադինսկիի կարծիքով, անհրաժեշտ էր բէկերու ու աղաներու ժառանգական սեփականութիւն ճանչնալ այն բոլոր հողերը, որոնք փաստաթուղթերով, կամ փաստական, տիրոյթի իրաւունքով անոնց ձեռքը գտնուած է Անդրկովկասի միացման ժամանակաշրջանին:
Լադինսկի կ՛առաջարկէր գիւղացիները նկատել պետական, բայց կախեալ ձգել բէկերէն, իսկ բէկերն ու աղաները օժտել ռուսական ազնուականութեան իրաւունքներով:
Այս հիմամբ ալ իշխան Վորոնցով դիմեց կառավարութեան, որպէսզի օրէնսդրական ճանապարհով սահմանուին գիւղացիներու եւ արտօնեալ դասի փոխյարաբերութիւնները:
Փոխարքայի ներկայացուցած նախագիծին դէմ լուրջ առարկութիւններ եղան, սակայն Նիկոլայ Ա. կայսր 6 դեկտեմբեր 1846¬ի հրամանագիրով օրինականացուց թաթար բէկերու եւ աղաներու հողային իրաւունքները:
* * *
Կայսերական հրամանագիրով մասնաւորաբար նախատեսուած էր կայունացնել Անդրկովկասի արտօնեալ դասերուն վիճակը եւ այդպիսով զանոնք օգտակար դարձնել կառավարութեան վարելիք քաղաքականութեան:
Խաներու, բէկերու եւ աղաներու ժառանգական սեփականութիւն կը հռչակուէին նախապէս զանազան ծառայութիւններու եւ քաջագործութիւններու համար շնորհուած եւ երկրամասը Ռուսաստանի միացնելու ժամանակ անոնց տիրապետութեան տակ եղած, եւ այժմ ալ անվ իճելիօրէն անոնց ձեռքը գտնուող հողերը:
Կայսերական հրամանագիրին մէջ կ՛ըսուէր, որ 1840-ին որոշ անձնաւորութիւններէ վարչական կարգով բռնագրաւուած հողերը, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի, Ղազախի, Շամշադինի եւ Բորչալուի գաւառներուն մէջ 1841-ին բռնագրաւուած հողերը վերադարձնել բէկերուն կամ անոնց ժառանգորդներուն, զանոնք ճանչնալ իբրեւ ժառանգական սեփականութիւն եւ դադրեցնել անոնց փոխարէն թոշակներուն վճարումը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ռուսական կառավարութեան կողմէ տարբեր ծառայութիւններու համար ցմահ շնորհուած հողերը ժառանգական ժամանակաւոր տիրապետութեան տակ ձգելու հարցին, ապա կը յանձնարարուէր Կովկասի փոխարքային առաջադրութիւն կատարել յիշեալ անձերու մասին, իսկ եթէ այդ հողերը արդէն անցած են անոնց ժառանգորդներուն, ապա զանոնք ճանչնալ իբրեւ ժառանգական սեփականութիւն:
Ժառանգական իրաւունքով կալուածատէրերուն անցնող հողերը կը դառնային անոնց լիակատար սեփականութիւնը, կրնային փոխանցուիլ ժառանգաբար, նուէր տրուիլ, եւ վաճառուիլ այնպիսի անձերու, որոնք նոյնպէս արտօնեալ խաւերուն կը պատկանին: Այս հարցով կարելի էր առաջնորդուիլ ե՛ւ պետական օրէնքով, եւ թաթար ցեղային իրաւունքի չափանիշներով: Հողերու շուրջ ծագած վէճերը կրնային քննարկուիլ միայն դատական ատեաններու մէջ:
Կայսերական հրամանագիրը կ՛անդրադառնար նաեւ հողատէրերու եւ անոնց հողերուն վրայ բնակող գիւղացիներու փոխյարաբերութիւններուն: Գիւղացիները պէտք է շարունակէին բնակիլ կալուածատէրերուն շնորհուած հողերուն վրայ, բայց կը ճանչցուէին իբրեւ պետական գիւղացիներ: Հողատէրերու հողերէն օգտուելու համար գիւղացիները պարտաւոր էին զանազան ծառայութիւններ կատարել յօգուտ կալուածատէրերուն: Գիւղացիները նաեւ հողատէրերու ոստիկանական վերահսկողութեան տակ կը դրուէին:
* * *
Ղարաբաղի վերջին տիրակալ Մեհտի Ղուլի խան մահացաւ 1845-ին եւ Աղտամի տոհմական Իմարաթ գերեզմանատան մէջ թաղուեցաւ: Հոն թաղուած էին Ղարաբաղի նախկին խաները, ինչպէս նաեւ Ջաւանշիրներու տոհմի ներկայացուցիչները:
Մեհտի Ղուլի խան քսաներեք կիներէ բաղկացած հարէմ ունէր: Պաշտօնական չորս կիներն էին` Խանխանում աղա` Մեհրալի բէկ Ջաւանշիրի դուստրը, Սարայ խանում` Գարաչորներու ցեղապետ Ահմէտ խանի դուստրը, Մահիշարաֆ խանում` Ջաֆար Ղուլի Տանպոլիի դուստրը եւ Մոհամէտ Հասան աղա Ջաւանշիրի այրին եւ Պատիր Ջահան Պեկում` Գանձակի Ուղուրլու խանին դուստրը:
Մեհտի Ղուլի խանի եւ Պատիր Ջահան Պեկումի դուստրն է Խուրշիտպանու Նաթաւան:
Հօր մահէն ետք տասնչորսամեայ Խուրշիտպանու ժառանգեց խանական տան հարստութիւնը` եօթը գիւղ, քոչուորական քառասունմէկ հողատարածք եւ 1315 ընտանիք` իբրեւ ծառաներ:
Խուրշիտպանու կոչուեցաւ Նաթաւան, այսինքն` իշխանազուրկ: Հօրաքոյրը` Կաուհար աղա անոր խնամակալը եղաւ:
Խուրշիտպանու հետաքրքրուած էր երաժշտութեամբ, բանաստեղծութեամբ եւ նկարչութեամբ: 1847-ին ամուսնացաւ ռուսական բանակի գնդապետ (հետագային` զօրավար), կումիկ ցեղէն Խասայ Ուցմիեւի հետ, որմէ ունեցաւ երկու զաւակ. Մեհտի Ղուլի խան Վաֆա եւ Խանիպիքէ խանում:
Խասայ Ուցմիեւ սիւննի էր, եւ ցեղակիցները դժգոհ մնացած էին ստորին նկատուող շիիի մը հետ անոր ամուսնութենէն: Խասայ հետագային լքեց Խուրշիտպանուն եւ Գափլանով ցեղէն կնոջ մը, այնուհետեւ ալ Փարի խանում Համզայեւայի հետ ամուսնացաւ: Խասայ մահացաւ 1867-ին:
Խուրշիտպանու մօր` Պատիր Ջահան Պեկումի մահէն ետք, 1861-ին, անկէ ժառանգ ստացաւ ինը գիւղ:
Խուրշիտպանու Նաթաւան հեղինակ է թրքերէն եւ պարսկերէն բանաստեղծութիւններու: Շուշիի մէջ ան գրական ընկերութիւն եւ 1864-ին ալ` Բարեկամներու ընկերութիւնը հիմնեց:

Խուրշիտպանու Նաթաւանի Շուշիի ապարանքը եռայարկ էր, քարաշէն եւ կղմինտրածածկ, հարաւային կողմէն` մուտքի երեք դարպասներով: Առաջին յարկի եօթը սենեակները յատկացուած էին ծառաներուն: Երկրորդ յարկը բաղկացած էր դահլիճէ եւ հինգ սենեակներէ: Երրորդ յարկը բաղկացած էր չորս սենեակներէ եւ պատշգամէ: Ապարանքը ընդարձակ պարտէզով շրջապատուած էր:
Խուրշիտպանու Նաթաւան 1866-ին ամուսնացաւ Սէյիտ Հիւսէյն Ակամիրովի հետ, որմէ ունեցաւ հինգ զաւակ` Միր Աբաս աղա, Միր Հասան աղա, Միր Ճապպար աղա, Սառա Պեկում եւ Հաճար Պիքէ:
Խուրշիտպանու 1872-ին Շուշիի մէջ ջրաբաշխական դրութիւն հաստատեց. սպիտակ քարերով կառուցուած ջրուղին կոչուեցաւ իր անունով:
Խուրշիտպանու զարկ տուաւ ղարաբաղեան ձիերու բուծանման: Անոր բուծանած ձիերը Փարիզի 1867-ի համաշխարհային ցուցահանդէսին, եւ Մոսկուայի 1869-ի ու Թիֆլիսի 1882-ի երկրագործական ցուցահանդէսներուն ոսկիէ մետալ ստացան:
Խուրշիտպանու Նաթաւան մահացաւ 2 հոկտեմբեր 1897-ին, Շուշիի մէջ եւ Աղտամի տոհմական Իմարաթ գերեզմանատան մէջ թաղուեցաւ:
* * *

Ջաֆար Ղուլի խան Ջաւանշիր խանական տան ականաւոր ներկայացուցիչ էր, մեծ հողատէր եւ ռուսական բանակի գնդապետ: Անոր ենթակայ էին հայկական շատ մը գիւղեր:
Ջաֆար Ղուլի խան 18 դեկտեմբեր 1850-ին ռուսական բանակի զօրավարի կոչում ստացաւ եւ Կովկասեան Առաջին բանակի կազմին մէջ մտաւ: Նոյն տարին ալ Կովկասեան երկրագործական ընկերութեան հիմնադիրներէն եղաւ: 1852-1853-ին ան Շամախիի դպրոցին պատուաւոր վերահսկիչն էր:
Սարաթովի կառավարիչ Անտրէյ Ֆատաեւ Ջաֆար Ղուլի խանին այցելելէ ետք կը գրէ, որ ան Շուշիի մէջ եւրոպական ձեւով կառուցուած ապարանքի մէջ կը բնակի, առատաձեռն է եւ հին սերունդի յարգուած ներկայացուցիչ:
Ջաֆար Ղուլի խան ղարաբաղեան ձիեր եւ ջաբրայիլի կոչուող ձիեր կը բուծանէր: Ջաբրայիլի ձին նկատուած է աւելի զօրաւոր եւ դիմացկուն, բայց ոչ այնքան գեղեցիկ, որքան ղարաբաղեան ձին:
Ջաֆար Ղուլի խանի առաջին կինը` Աջայբնիսա խանում հայուհի էր, Բանաձոր գիւղէն Թունի բէկի դուստրը: Անոնց զաւակներն են` Ապտուլլափաշա աղա եւ Քերիմ աղա (որ ռուսական բանակի զօրավար եղաւ): Ջաֆար Ղուլիի երկրորդ կինն էր Եթար խանում. անոնց զաւակը` Հիտայէթ աղա:

Ջաֆար Ղուլի ծանր տուրքերով, ստրկական ծառայութիւններով եւ կամայականութիւններով ճնշած էր Արցախի իրեն հպատակ հայութիւնը: Ան մահացաւ 3 (15) դեկտեմբեր 1866-ին, Շուշիի մէջ եւ Աղտամի Իմարաթ գերեզմանատան մէջ թաղուեցաւ: Անոր սերունդները Ջաւանշիրով ազգանունը կը կրեն: